ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Անցած շաբաթավերջին Ռուսիա կատարած իր այցելութենէն վերադարձին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարեց, թէ երկու երկիրները մտադիր են աւելիով զարգացնել բազմակողմանի համագործակցութիւնը ռազմական ոլորտէն ներս:
«Պաշտպանութեան տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ՝ ռազմական, արհեստագիտական եւ ճարտարագիտական, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութիւն կը ծաւալի: Կը կարծեմ, որ համագործակցութեան հեռանկարները մեծ են: Մենք պիտի շարունակենք զարգացնել համագործակցութիւնը», ըսած է Հասանով, միաժամանակ յիշեցնելով, որ Ռուսիա եւ Ատրպէյճան համատեղ զօրավարժութիւններ կը կատարեն Կասպից ծովուն մէջ, իսկ Ռուսիոյ մէջ ռազմական մարզումներու կը մասնակցին մեծ թիւով ատրպէյճանցի սպաներ:
«Ատրպէյճանական բանակի զինանոցին մէջ ընդգրկուած են մեծ թիւով ռուսական արտադրութեամբ զէնքեր», եզրակացուցած է Զաքիր Հասանով:
Նշենք, որ Հասանով Ռուսիա մեկնած էր՝ իրեն պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հրաւէրով, մասնակցելու համար «Բանակային միջազգային խաղեր, 2017» մրցոյթի փակման արարողութեան, եւ այս առիթով ռազմական համագործակցութիւնը սերտացնելու գծով երկկողմանի խորհրդակցութիւններ ունեցած էր Շոյկուի հետ: