Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելեց Վան՝ ստուգելու այն պնդումները, թէ Վանի մէջ գտնուող պատմական «Տիլքայա Հէօյուքի» եւ հայկական գերեզմաննոցին մէջ լուացարան կը կառուցուի:
Ըստ «Ակօս» օրաթերթին՝ այդ տարածքը շրջափակուած եղած է փշալարերով: Փայլան զրուցեց տարածքի բնակիչներուն հետ, որմէ ետք յայտնեց. «Այնտեղ, ուր ձեռքս տարի՝ մարդու ոսկոր դուրս եկաւ: Այլեւս որեւէ կասկած չունիմ, որ այս տարածքը հայկական գերեզմաննոց եղած է»:
«Ակօս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հայ պատգամաւորը ըսաւ, որ այդ տարածքը Ուրարտական ժամանակներէն մնացած բնակավայր եղած է. «Այդ ժամանակներէն ի վեր հայերը այնտեղ բնակութիւն հաստատած են։ Բոլոր զրուցակիցներս կը պատմէին եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մասին, սակայն դժբախտաբար այդ յիշողութիւնը ջնջուած է»:
Փայլան ընդգծեց, որ տեղացիները իրեն ըսին, թէ այս հայկական գերեզմաննոցի գերեզմանաքարերը 1940-50ական թուականներուն ոչնչացուեցան: «Այս գերեզմաննոցի տարածքին կառուցուած է մզկիթ մը, լուացարան մը եւ սրճարան մը: Տխրեցայ, որ մեր նախնիներու մնացորդներուն անգամ չկր-ցանք տէր կանգնիլ»:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում