«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր» (SDF) ընդդիմադիր դաշինքի զինուած ջոկատները Ռաքքայի մէջ «իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ իրականացուցած գործողութեան 65-րդ օրը, ահաբեկիչներու գերութենէն ազատած է 7 քրիստոնեայ:
Պոլսահայ «Ակօս» թերթը՝ վկայակոչելով քրտական «Արա նիւզ» լրատուական գործակալութիւնը, կը յայտնէ, որ ազատագրուածներուն մէջ կայ 2 հայ ընտանիք:
«Սուրիոյ դեմոկրատական ուժեր»-ու մամուլի ծառայութիւնը հաստատած է վերոնշեալ տեղեկութիւնը:
Ազատագրուած հայ կիներէն մէկը, պատմելով գերութեան մէջ իրենց կրած զրկանքներուն մասին, ըսած է, որ ողջ ընթացքին ԻՊ-ը իրենց ստիպած է գլխաշոր կրել` մահմետականներէն չտարբերուելու համար:
Իսկ ազատագրուածներէն Քարտիճ Քարատիճեան պատմած է, որ իրենք շարունակաբար ստորացուած են, նսեմացուած, քրիտոնեայ ըլլալու պատճառով` իրենցմէ գանծած են աւելի բարձր հարկեր: