Կը կասկածիմ, թէ իրողութեան ծանօթ ոեւէ հայ անհատ հակակարծիք պիտի ըլլայ, թէ որքան ծանրակշիռ եւ լուրջ է մեր երկրի իրավիճակը, եւ թէ որքան մտահոգիչ եւ աղիտալի կրնան ըլլալ անոր արդիւնքները: Խօսքը կը վերաբերի Հայաստանէն ԱՐՏԱԳԱՂԹԻՆ:
Ան, որ ծանօթ է Հայաստանի իրադարձութիւններուն եւ կը հետեւի հայկական մամուլին ու լրատուական յօդուածներուն, կամ ճամբորդած է Հայաստան եւ այցելած Երեւանի անմիջական սահմաններէն դուրս գտնուող որեւէ վայր, իրազեկ եւ լաւատեղեակ պէտք է ըլլայ արտագաղթի իրականութեան եւ անոր հետեւանքներուն: Ճանապարհներուն վրայ անհամար են «Վաճառւում է»ի վահանակները. գիւղերուն եւ արուարձաններուն մէջ նշմարելի է ամայութիւնն ու բնակիչներու սակաւութիւնը. բազմաթիւ դպրոցներու մէջ աշակերտութեան թիւը 20-25էն նուազ է. երկրէն տղամարդոց թիւի նուազումը նկատելի եւ մտատանջող է. եւ այլն, եւ այլն…
Ըստ Հայաստանի լրատուական յօդուածներուն մէջ ներկայացուած թիւերուն՝ 1992ին Հայաստանի բնակչութեան թիւը մօտաւորապէս 3,625,000 էր: Այդ թուականէն մինչեւ 2016 թուական, Հայաստանէն գաղթած են մօտաւորապէս 1,113,000 քաղաքացիներ. թիւ մը, որ անակասկա՛ծ շատ նշանակելի է եւ մտահոգիչ: Հակառակ նոյն տարեշրջանին երկրի բնակչութեան ունեցած աճին եւ որոշ չափով տեղի ունեցած ներգաղթին, երկրի բնակչութիւնը նշմարելիօրէն նուազած է այսօր եւ կը շարունակէ նուազիլ արտագաղթին պատճառաւ:
Իսկ եթէ կասկածով է որ կը մօտենանք հայրենի մամուլին ներկայացուցած թիւերուն, տեղին է յիշել, թէ շուրջ երկու շաբաթներ առաջ, «Արփա» հիմնարկի 25րդ տարեդարձին նուիրուած գիտական համագումարին, Ամերիկայի հանրահռչակ համալսարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ միջազգային համբաւ ունեցող փրոֆեսէօրներ իրենց ելոյթներով եկած էին հաստատելու եւ մատնանշելու Հայաստանի տնտեսական աճի ամենամեծ եւ ամենամտահոգիչ մարտահրաւէրներէն մէկը՝ արտագաղթի պատճառաւ մարդուժի եւ գործառուներու նշմարելի պակասը:
Կրնայ ըլլալ, որ այս թիւերուն շուրջ համաձայն չըլլանք. սակայն եկէք չվիճաբանինք անոնց ճշգրտութեան համար եւ հեռու մնանք «գնդասեղին գլխուն վրայ քանի՞ հրեշտակ կրնայ կայնիլ»ի հոգեբանութենէն. եկէք կեդրոնանանք արտագաղթի իրողութեան եւ անոր ահաւոր հետեւանքներուն վրայ: Եթէ հայ ժողովուրդը 20րդ դարու սկիզբը տեսաւ «կարմիր ջարդ», եւ նոյն դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ մինչեւ օրս անիկա Սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ «սպիտակ ջարդ»ի վտանգը, ապա 21րդ դարու սկիզբէն ետք սկսած է դիմագրաւելու տարբեր տեսակի ջարդ մը, որ կը կոչուի «արտագաղթ»: Ես զայն պիտի կոչեմ «ՍԵՒ ՋԱՐԴ»:
Արտագաղթը 21րդ դարու ամենածանր եւ մտահոգիչ իրողութիւնն է, զոր կը դիմագրաւեն մեր հայրենիքն ու մեր ժողովուրդը: Կը գիտակցիմ, թէ կարելի չէ այս իրողութեան ու անոր լուրջ հետեւանքներուն անդրադառնալ քանի մը տողով, սակայն նոյնպէս կը գիտակցիմ, որ այս ահաւոր վտանգին առաջքը առնելը եթէ ոչ մեր բոլորին, այլ նուազագոյնը՝ Հայաստանով եւ հայութեան ապագայով տագնապողներուն համար ամէնօրեայ մտահոգութիւն պէտք է դառնայ:
Անվիճելի իրականութիւն է, եւ հարիւրամեակէ մը աւելի տարիներու կեանք ունեցող մեր Սփիւռքը վկա՛ն է այդ իրականութեան, որ հայը կրնայ գոյատեւել եւ բարգաւաճիլ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ հայրենի հողին վրայ, մայրենի լեզուով եւ ի՛ր ազգային մշակոյթով: Ուստի, արտագաղթը ոչ միայն կ՛ամայացնէ մեր երկիրը, այլ նաեւ կ՛ապահովէ գաղթողներուն վախճանը:
Տեղին է անդրադառնալ, թէ որո՛նք են պատասխանատուները եւ դատապարտելիները մեր դիմագրաւած այս աղէտին: Անկասկած եւ արդարացիօրէն, մեր բոլորին պատասխանը պիտի ըլլայ՝ հայրենի իշխանութիւններն ու կառավարութիւնները: Տեղին է նաեւ հարցնել, թէ ի՛նչ քայլեր առած են անոնք կասեցնելու կամ առաջքը առնելու համար ահաւոր արտագաղթին: «Աւելի բարգաւաճ Երեւան» կարգախօսո՞վ է որ այդ աղէտին առաջքը պիտի առնուի: Իսկ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը Երեւանի սահմաններէն դուրս գտնուող տարածքներուն: Ի՞նչ են այն տնտեսական շօշափելի աճ եւ զարգացում ապահովող ծրագիրները, որոնք յոյս եւ ապրուստ պիտի ապահովեն մեր ժողովուրդին եւ ոչ թէ միայն «ընտրեալ» խաւին: Ի՞նչ է պատճառը, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը, յուսահատ՝ իր հայեացքը ուղղած է հայրենիքէն դուրս. ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ ամէն քայլափոխի «Վաճառւում է» պաստառներու պիտի հանդիպինք. ինչո՞ւ ամայի են արուարձաններն ու գիւղերը: Եւ այսպիսով, կրնանք շատ ուրիշ «ինչու»ներ ցուցակագրել…
Թէեւ աւելի նուազ, սակայն ոչ աննշան դեր եւ պատասխանատւութիւն ունին նաեւ մեր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները. տեղին է մեղադրել զանոնք իրենց որոշ չափով կրաւորական եւ ոչ պահանջատէր կեցուածքին համար: Ինչո՞ւ աւելի խիստ եւ պահանջատէր կեցուածք չեն ցուցաբերեր մեր իշխանութիւններուն եւ կառավարութիւններուն՝ ժողովուրդին հանդէպ իրենց ունեցած անտարբեր եւ անհոգ կեցուածքին համար. ինչո՞ւ յաճախակի չեն աղաղակեր անոնց ահազանգային կոչերը՝ զգուշացնելու եւ գիտակցութեան բերելու մեր ժողովուրդը արտագաղթի հետեւանքներէն: Սփիւռքի մէջ հարիւր եւ աւելի տարիներ փորձառութիւն ունեցող մեր կազմակերպութիւնները միթէ կարողութիւնը չունի՞ն Սփիւռքի հսկայական մարդուժն ու կարողութիւնը կազմակերպելու եւ ի գործ դնելու՝ իրագործելու այնպիսի ծրագիրներ, որոնք յոյս եւ հաւատք կրնան ներշնչել հազարաւոր Նարինէներուն, որպէսզի անոնք չմտածեն երկրէն հեռանալու մասին:
Տիգրան ՊԱՊԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում