Հայրենիքը իր ծանր վիճակէն դուրս բերելու համար «կոալիցիա» կազմելը հաւանաբար բաւարար չէ՛: Ազգային կամ համազգային ուխտով աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կրնան ստեղծուիլ՝ դիմագրաւելու համար արտագաղթը կանգնեցնելու եւ երկրի կենսունակութիւնը վերականգնելու մարտահրաւէրները:
Համազգային այս ուխտով, բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, բոլոր քաղաքացիները, բոլոր սփիւռքահայերը՝ իւրաքանչիւրը պէտք է յանձն առնէ իր բաժին պատասխանատուութիւնը։ Այսպէս՝
Կառավարութեան անդամները պէտք է գիշեր-ցերեկ աշխատին (այդպէս ալ կ՛ընեն, կարծես):
Ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, իրենց շարքայիններով եւ ղեկավարներով, գիշեր-ցերեկ պէտք է աշխատին՝ արթուն հսկելով կառավարութեան աշխատանքներուն, ժողովուրդը իրազեկելով բոլոր թերութիւններուն մասին եւ պահանջելով անոնց վերացումը:
Օլիկարգները պէտք է քայլ առ քայլ զիջին իրենց առանձնաշնորհումները եւ իրենց գործունէութիւնը սկսին ծաւալելու բացառապէ՛ս օրինական դաշտի վրայ:
Ոստիկանութիւնը, օրինապահ բոլոր մարմիններն ու դատական իշխանութիւնները պէտք է յարգեն քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքները, արդար համակարգի պահապաններ դառնան ու արդարութիւնը հաւասարապէս բաշխեն բոլոր քաղաքացիներուն:
Սփիւռքահայերը՝ աւելի մեծ թիւերով այցելեն հայրենիք, եւ ժլատ զբօսաշրջիկներ դառնալու փոխարէն՝ լա՛յն բանան իրենց քսակները:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում