Թրքական դատարանը թոյլ չէ տուած խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին ներկայ գտնուելու տասը իրաւապաշտպաններու գործով լսումներուն:
Այս մասին թուիթըրեան իր էջին մէջ գրառած է Փայլան՝ նշելով, որ ստիպուած եղած է բաց դրան ետեւէն չորս ժամ լսել դատարանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Նիստի աւարտէն ետք ան թուիթըրեան իր մէջ գրած է հետեւեալը . «Մեծ ամօթ: Իրաւապաշտպաններ Իդիլ Էսերը, Օզլեմ Տալքըրանը, Վելի Աճուն, Կիւնալ Քուրշունը, Ալի Կարաւին եւ Փիթըր Ստոյտթները կալանաւորուած են: Մարդու իրաւունքները կալանաւորուեցան»:
Փայլան մեծ ցաւով արձանագրած է, որ Թուրքիան Հիւսիսային Քորէայի հետ յայտնուած է նոյն մակարդակի վրայ: Ան տեղադրած է կալանաւորուած իրաւապաշտպաններու հետ դատարանի դահլիճէն դուրս կատարուած լուսանկարը:
Սթամպուլի մէջ Յուլիս 5-ին ձերբակալուած տասը իրաւապաշտպաններէն վեցը կալանաւորուած են, չորսը` ազատ արձակուած:
Իրաւապաշտպանները կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման անդամ ըլլալուն» մէջ: Ձերբակալուածներու շարքին են միջազգային Amnesty International կազմակերպութեան Թուրքիոյ գրասենեակի ղեկավար Իտիլ Էսերն ու նոյն կազմակերպութեան աշխատակից Վելի Աճուն:
Amnesty International կոչ ըրած է ճնշում գործադրելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն վրայ, որպէսզի անմիջապէս դադրեցնեն հետապնդումներն ու ազատ արձակեն իրաւապաշտպանները: «Այսօր մենք հասկցանք, որ մարդու իրաւունքներու համար պայքարիլը Թուրքիոյ մէջ յանցանք կը համարուի: Եկած է ճշմարտութեան պահը Թուրքիոյ եւ միջազգային հասարակութեան համար: Աշխարհի առաջնորդները պէտք է դադրեցնեն կծել լեզուն եւ շարունակեն իրենց գործերը այնպէս, ըսես ոչինչ տեղի ունեցած է»,- յայտարարած է կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սալիլ Շեթին:
Միացեալ Նահանգներ եւս մտահոգութիւն յայտնած է կատարուածին առնչութեամբ` կոչ ընելով ազատելու իրաւապաշտպանները ու պահպանելու Թուրքիոյ սահմանադրութեամբ երաշխաւորուած ազատութիւնները: