Ամառնային շրջանին, երեք ամսուան երկայնքին, Երեւան քաղաքի կեդրոնը կը ստանայ ամէնօրեայ տօնական վիճակ: Մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը, սրճարանները, ճաշարանները լեցուն են յաճախորդներով՝ տեղացի, օտարական, զբօսաշրջիկ: Փողոցները խճողուած՝ անհոգ ու հոծ ամբոխի վերիվայր շրջագայումով:
Զբօսաշրջութիւնը դարձած է տնտեսութեան զարգացման կարեւոր խթաններէն մին եւ կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան առարկան: Դարձած է նաեւ համազօր շռայլութեան՝ շքեղ ինքնաշարժներու, շքեղ հագուստ-կապուստի, շքեղ ապարանքներու, որոնք խոտոր կը համեմատին տնտեսական ճգնաժամ ապրող երկրի պատկերին: Քաղաքին կեդրոնի այս պատկերը տեսնողը բնա՛ւ չի պատկերացներ, որ երկիրը շրջափակման մէջ է, եւ որ Արցախի եւ Հայաստանի սահմանին ամէնօրեայ բախումներ տեղի կ՛ունենան, զինուորներ կը զոհուին դիրքերու վրայ:
Ընդհանրապէս, մայրաքաղաքը եւ գաւառները զարգացման տարբեր շրջաններ կ՛ապրին: Մայրաքաղաքի ունեւոր դասը ունի ապրուստի ուրիշ չափանիշներ, որոնց վրայ կ՛աւելնան սփիւռքահայ եւ օտար զբօսաշրջիկներու մեծ հոսքին նիստ ու կացը բաւարարելու պահանջները: Սակայն, այս իրավիճակը պէտք չէ մոռցնէ երկրի թշուառութեան աստիճանը, տնտեսական ճգնաժամը եւ մշակութային պարապը:
Կառավարութեան պարտականութիւնն է մայրաքաղաքի կեդրոնէն դուրս՝ արուարձաններու, միւս քաղաքներու եւ գիւղական շրջաններու զարգացումը:
Հասարակ ժողովուրդին մէջ կը մեծնայ անարդարութեան զգացումը՝ իր ամէնօրեայ զրկանքի, ճակատի վրայ իր զաւակներու մահուան եւ մայրաքաղաքի կեդրոնի զբօսաշրջային խրախճանքային մթնոլորտի անհարթութենէն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում