Հրանդ Տինքի սպանութեան անվերջանալի դատավարութիւնը Յուլիս 9-ին շարունակուեցաւ։ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ այս հարցով մեծ թիւով ամբաստանեալներ կան արդէն, սակայն որեւէ նշան չկայ, թէ դատավարութիւնը կը մօտենայ եզրակացութեան մը կամ կը լուսաբանէ գործուած նողկալի ոճիրին մանրամասնութիւնները։ Յուլիս 9ի նիստին ընթացքին, ամբաստանեալներէն՝ զօր. Համզա Ճելեպօղլու ժխտեց իրեն դէմ եղած մեղադրանքը ու ըսաւ, որ ոճիրին ընթացքին ինք իր պարտականութեան գլուխը չէր գտնուեր։
Նիստի աւարտին, երկրէն դուրս չելլելու պայմանով ազատ արձակուեցան չորս ոստիկաններ ու հրատարակիչ Աճեմ Սարըկէօլ։