Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ Յուլիս 3-ին աւարտած է պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը:
«Ակօս» պարբերականի հաղորդմամբ` դատական գործին մէջ ներգրաւուած են 86 կասկածեալ, որոնցմէ 30-ը այժմ կալանաւորուած են:
Կասկածեալներու շարքին է նաեւ չափաւոր իսլամութեան քարոզիչ, Միացեալ նահանգներ բնակող Ֆեթուլլահ Կիւլենը, որուն Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը մեղադրեն երկրին մէջ 2016 թուականի Յուլիս 15-ին ռազմական յեղաշրջման փորձ նախաձեռնելուն մէջ:
Իբրեւ կասկածեալ ներգրաւուած են նաեւ յայտնի թուրք դատախազ Զեքերիա Օզը, որ փախուստի մէջ է, ինչպէս նաեւ փակուած յայտնի ընդդիմադիր «Զաման» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Էքրեմ Տումանլըն:
Նիստի ընթացքին ընթերցուած են մեղադրականները: Յուլիս 4-ին դատական նիստը պիտի շարունակուի: