Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արհեստածին մարմին մը «Հայաստանակեդրոն» գեղեցիկ կարգախօսով՝ 96-ամեայ ՌԱԿ-ի լոյսը չի կրնար խափանել

Հուլիս 04,2017 12:18

17 յունիսին հայրենի «Առաւօտ» օրաթերթի էջին «ՌԱԿ վերջին շրջանին ծաւալուած ներկուսակցական հարցերուն» անդրադարձող հարցազրոյց մը հրապարակուած էր: «Առաւօտ»-ի զրուցակիցն էր 96-ամեայ ՌԱԿ-ի պատմութեան մէջ գոյութիւն չունեցող, հնարածին, կեղծ, «Գերագոյն խորհուրդ» անունը կրող մարմինի մը «նախագահ», ամերիկաբնակ Վարդան Նազիրեանը:

Կեղծ ըլլալու նշեալ հանգամանքը արդէն անիմաստ կը դարձնէ սոյն գրութեան անդրադարձ ընելս, սակայն ՌԱԿ-ին մօտէն ծանօթ չեղող հասարակութեան, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին բազմիցս տարածուած «գերագոյն մարմին» սուտին դէմ, պատմութեան համար որպէս հաւաստի գրութիւն, ամփոփ ձեւով քանի մը փաստեր կ՚ուզեմ թուարկել:
Յիշեցման կարգով նշեմ, որ ՌԱԿ-ը, որուն Ա. ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը կայացած էր 23 յունիս 1922-ին, Պոլսոյ մէջ, եւ որուն բացումը կատարած էր վաստակաւոր գործիչ, մեծանուն բանաստեղծ Վահան Թէքէեանը, յաջորդական 27-րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարեց Հայաստանի մէջ, մայիս 2016-ին, որուն մասնակցեցան 16 շրջանակներէ լիազօրուած պատգամաւորներ:

Աւելին, սոյն Պատգամաւորական ժողովին ողջոյնի խօսք յղեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ բացման պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանը, որուն ներկայութեամբ վաւերացուեցաւ շրջանակներու օրինական մասնակցութիւնը:

Պատգամաւորական ժողովի աւարտին ընտրուած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը պետական մարմիններու հետ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, պաշտօնական այցելութիւն տուաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունուեցաւ եւ օրհնութիւնը ստացաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:
«Առաւօտ»-ի զրուցակիցը, սակայն, աչքաթող ընելով այս բոլոր փաստերը, կը փորձէ հերքել մեր պատգամաւորական ժողովի օրինականութիւնը, որուն նախորդող խորհրդակցական ժողովին ինք մասնակի կերպով ներկայ եղաւ առանց ոչ մէկ գանգատ ներկայացնելու, այլ ընդհակառակը, ան ՌԱԿ-ի ատենապետութեան իր թեկնածութիւնը առաջարկեց:
Իսկ ամենակարեւոր փաստը այն է, որ 27-րդ Պատգամաւորական ժողովին, որ ՌԱԿ-ի կանոնագիրի համաձայն կուսակցութեան գերագոյն, օրէնսդիր եւ համարառու մարմինը կը նկատուի, ոչ մէկ շրջանակէ, կամ նոյնիսկ անդամէ, ժողովի անօրինական ըլլալու մասին բողոքի նամակ մը չեկաւ:

Այսօր խումբ մը մարդիկ կը փորձեն ՌԱԿ-ին արգիլել հայրենի հողին վրայ, ՌԱԿ-ի անունով հանդէս գալ, քանի որ իրենք քանի մը ամիս առաջ ՌԱԿ անունը անիրաւօրէն գրանցած են, փորձելով վեցամսեայ գրանցումով մը եւ «հայաստանակեդրոն» «գեղեցիկ կարգախօս»-ով՝ իւրացնել 96-ամեայ կուսակցութեան պատմութիւնը, անունը, դրօշն ու զինանշանը: Կատարեալ անհեթեթութիւն մը:

Մէկանգամընդմիշտ կ՚ուզեմ շեշտել, որ մայիս 2016-ին ընտրուած Կեդրոնական վարչութիւնը իրաւայաջորդն է 96-ամեայ ՌԱԿ-ին, որ արդիւնքն է օրինական բոլոր հանգամանքները իր մէջ ներառող ՌԱԿ-ի 27-րդ Պատգամաւորական ժողովի ընտրութեան: Եւ նոյն Վարչութիւնը, պատմութիւն խեղաթիւրող այս սուտերուն եւ անոնց տարածման կանխարգելման, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ-ի վարկին ու պատուին նախանձախնդիր կեցուածքով, ՌԱԿ-ի անուանը ստոր շահարկում է փրկելու գիտակցութեամբ, իր կապը պաշտօնապէս խզեց Հայաստանի կառոյցին հետ:

Նշեալ փաստերու թուարկումէն ետք, եզրայանգումներ ընելու կարիք չի զգացուիր, մանաւանդ որ ՌԱԿ Կեդոնական վարչութիւնը բազմիցս սփիւռքեան եւ հայրենի պետական, եկեղեցական, կուսակցական եւ ազգային մարմիններուն, ինչպէս նաեւ Հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն հաղորդագրութիւններով, մամլոյ ասուլիսներով, պետական մակարդակի հանդիպումներով իրազեկած է այդ մասին:
Գալով այս արհեստածին մարմինին կողմէն գեղեցիկ կարգախօս դարձած «հայաստանակեդրոն» լոզունքին. 96-ամեայ ՌԱԿ-ը Հայաստանը որպէս կեդրոն չէ ունեցած, սակայն անոր ծնունդ առած օրէն մինչեւ օրս գործունէութեան կիզակէտն ու առանցքը եղած է միայն Հայաստանը, հայ ժողովուրդը եւ անոնց բարօրութիւնն ու շահերու պաշտպանութիւնը:

 

ՌԱԿ Կեդրոնական
Վարչութեան Ատենապետ
ՍԵՐԽԻՕ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ

«Առավոտ»

04.07.2017

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31