Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւնները քննող 14-րդ դատարանին մէջ Յուլիս 3-ին տեղի կ’ունենայ պոլսահայ լրագրող Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով հերթական դատական նիստը: Այսօրուան նիստին առաջին անգամ դատարանի առաջ կը կանգնին ոստիկանութեան ներկայացուցիչները, կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։
Այս անգամ եւս դատական նիստէն առաջ դատարանին դիմաց հաւաքուած են Տինքի ընկերները` վերահաստատելու արդարութեան իրենց պահանջը: Խումբի անունէն ելոյթ ունեցած է Պիւլենթ Այտըն:
«Այս դատական գործը սկսաւ 2007-ի Յուլիս 2-ին, այսինքն` ասկէ տասը տարի առաջ: Սակայն մինչեւ այսօր այս յանցագործութեան իրական պատասխանատուները տակաւին դատարանի առջեւ չեն կանգնած, չեն դատապարտուած: Դատական գործը ինչ-որ առումով նորէն սկսաւ: Արդարութեան պահանջը կը շարունակուի: Այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ ենք, երբ ողջ Թուրքիոյ մէջ կը բարձրանայ արդարութեան պահանջը»,- ըսած է ան:
Այտըն ընդգծած է, որ պիտի շարունակեն հետեւիլ դատավարութեան ընթացքին, քանի դեռ յանցագործութեան բոլոր մասնակիցները չեն կանգնած արդարադատութեան առջեւ: Հրանդի ընկերները բռած են «Հրանդի համար, արդարութեան համար» գրութեամբ պաստառ: Տինքի ընկերներու շարքին` դատարանի դիմաց եղած է նաեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան: