Հրաշքներ կը պատահին, եւ յատկապէս մենք, կարծես, պարտաւորուած ենք հաւատալու, որ մեր հայրենիքին մէջ պիտի տեսնենք այնպիսի վերափոխութիւն, որ այսօրուան մեր դիտանկիւնէն՝ միայն հրաշքի համազօր կրնայ ըլլալ:
Պարտաւոր ենք հաւատալու հրաշքին, որովհետեւ ուրիշ տարբերակ չի թուիր ըլլալ:
Բայց անշուշտ, հրաշքի համազօր կրնայ ըլլալ, եթէ մեր հայրենիքի երկնակամարին տակ մեր պետական պաշտօնեաները եւ ընդհանրապէս քաղաքական գործիչները սարդարապատեան խենթութեամբ նետուին երկրին մէջ արդարութիւն հաստատելու պայքարին, նոյն վճռականութեամբ փորձեն արմատախիլ ընել կաշառակերութիւնը նոյնիսկ եւ մանաւանդ ամէնէն բարձր մակարդակներու վրայ, ինքնամոռաց անշահախնդրութեամբ աշխատիլ քաղաքացիներու օգտին, անոնց մէջ երկրի ապագային հանդէպ հաւատքը ամրացնելու ջանդրութեամբ:
Հրաշքի համազօ՞ր բաներ են ասոնք: Հաւանաբար անցեալի փորձը այդպէս համոզէ մեզ: Սակայն, եկէք դրական ըլլանք, որովհետեւ մեզի շատ պէտք է, կենսականօրէն անհրաժեշտ է այդ հրաշքը: Եկէք յուսանք, որ իրապէս խենթեր պիտի ըլլան շարքին պետական պաշտօնեաներու, որոնք իրենց օրինակով պիտի վարակեն համատարած փտածութեան մէջ թաղուածները եւ նոր ոգիով, նոր խանդով ու կրակով պիտի աշխատին կերտել մեր երազած հայրենիքը:
Մեր ժողովուրդը իրաւունք ունի սպասելու, որ գոնէ մեզմէ՝ դաշնակցականներէս, մեր շարքերէն գան այդ խենթերը: Այդ գրաւը մենք դրած ենք մեր կուսակից պաշտօնեաներուն վրայ, որոնցմէ մենք կրնանք ակնկալել, իրաւունք ունինք ակնկալելու այնպիսի ուժ, այնպիսի յանձնառութիւն, որ սանձազերծեն մեր մէջ ընդարմացած կենսունակութիւնը եւ հունաւորեն դէպի գործ, աշխատանք, վերականգնում:
Մեր պարագային, հրաշքը խենթերու գործ է եւ այդ փառքի պսակին յաւակնումը դաշնակցական նկարագիր է: