ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու ոստիկանութիւնը ձերբակալած է Մայիս 16ին թրքական դեսպանատան դիմաց խաղաղ ցոյց կատարողներու վրայ յարձակող երկու թուրք տղամարդ, որոնք ամերիկայի բնակիչներ են:
«Տը Տէյլի Քոլըր»ի վերոնշեալ տեղեկութիւնը փոխանցող աղբիւրը ձերբակալեալներուն ինքնութիւնը չէ բացայայտած:
Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ գրասենեակ ունեցող թրքական «Ուաշինկթըն Հաթթի» լրատուական ծառայութիւնը կը յայտնէ, որ ձերբակալեալներէն մէկը՝ շինարարական ընկերութեան մը սեփալականտէր Էյուպ Եըլտիրիմ, Յունիս 14ին կալանուած էր Նիւ Ճըրզիի մէջ:
Ձերբակալուած երկրորդ անձը Վըրճինիայի բնակիչ Սինան Նարինն է:
Եըլտիրիմ տեսերիզով նկարուած է Լուսի Ուսոյեանը ծեծելու ընթացքին: Ծագումով քիւրտ Լուսին հիւանդանոց փոխադրուած էր՝ գլուխէն ստացած հարուածներուն պատճառով:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»-ի կայքում