«Գանձասար». Հալէպի մէջ յետ-պատերազմեան իրավիճակը հակակշռի տակ առնելու եւ վերջին շրջանին ժողովրդային պաշտպանական խումբերու կարգ մը անդամներուն օրինազանցութիւններն ու ոճրային արարքները կասեցնելու համար, պետական մարմիններ, անսալով Հալէպի բնակչութեան բողոքի կանչերուն եւ ընդվզումներուն, համապատասխան որոշումներ առին։
Հալէպի Պաաս կուսակցութեան առաջին քարտուղարը այսօր հրապարակեց շրջաբերական մը, ուր յայտարարեց, թէ յետ Հալէպի ապահովական եւ զինուորական յանձնախումբի նիստին, որոշուած է օրէնքներ սահմանել զինուորական տարազ եւ զէնք կրելը արգիլելու եւ միայն աշխատանքի վրայ եղող զինուորականներուն համար թոյլատրելի համարելու զանոնք։
Շրջաբերականին համաձայն, արգիլուած է քաղաքին մէջ զինուորական տարազով շրջիլ, զէնք կրել, շարժակաւոր հեծելանիւ (մոթորսիքլէթ) վարել, եթէ ենթական զինուորական յատուկ յանձնարարութիւն չունի։
Արգիլուած է նաեւ քաղաքին մէջ ցուցանակ չկրող ինքնաշարժներով շրջիլ։
Յայտնենք, որ վերջին շրջանին ժողովրդային պաշտպանութեան յանձնախումբերու կարգ մը անդամներ սպաննութեան, թալանի ակնառու բռնարարքներ գործած էին։