Հայաստանի Ազգային ժողովի վեցերորդ գումարման առաջին նիստին, նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին մէջ ուշադրութիւն գրաւող հետեւեալ յայտարարութիւնը ըրաւ. «2040 թուականին, պէտք է հասնել առնուազն 4 միլիոն բնակչի»:
Ասիկա բաւական համարձակ ու յանդուգն յայտարարութիւն է, երբ նկատի առնենք, որ վերջին քսանհինգ տարիներուն, մէկ միլիոնի չափ մարդ արտագաղթած է երկրէն: Յայտարարութիւնը մտածել կու տայ, թէ ինչպէ՞ս յաջորդ քսանհինգ տարիներուն պիտի կարենանք յեղաշրջել արտագաղթի ընթացքը, աւելցնել ծննդաբերութիւնը եւ թիւի աճ ապահովել երկրին մէջ:
Այս յայտարարութեան մէջ, սակայն, կը պակսէին քաղաքական համոզիչ նախադրեալներն ու պայմանները: Չկար ծրագիրը, միջոցը եւ քաղաքական գործունէութեան յստակացումը՝ բնակչութեան թիւը աւելցնելու համար: Պատճառը յստակ է: Մենք, իշխանութեամբ թէ կուսակցութիւններով, վարժ չենք քաղաքականութեան մասին մտածելու: Այլ, զաբաղած ենք ընտրութիւններով, դաշինքներով, իշխանութեամբ եւ համակարգային փոփոխութիւններով: Յատկապէս, վերջին քսանհինգ տարիներուն ուզած ենք մենք զմեզ միջազգային լուսարձակի տակ դնել եւ չենք կրցած ներամփոփ ու ներազգային կեդրոնացումով մեր երկիրը կարգի բերել, բարեկեցիկ ու օրինապահ երկիր ստեղծել:
Հայրենիքի մէջ քաղաքական իրական գործը ժողովուրդին կեանքը բարեկարգելու եւ զարգացնելու արժէք ունի: Քաղաքական գործը կը պատկանի ժողովուրդին, անոր կեանքին եւ ենթակառոյցին: Եթէ կեդրոնանանք այս միտքին ու գործին վրայ, այն ատեն դուրս կու գանք ապաքաղաքականացած իշխանութեան եւ կուսակցական յարաբերութիւններէն ու սահմանափակումներէն: Քաղաքականութիւնը, ընդունի՛նք, սովորական անհատին առօրեայ կենցաղն է, անոր ամէնօրեայ, բնական կեանքը, ապրումը, առեւտուրը եւ կերուխումը: Քաղաքականութիւն է անունը այս կեանքին:
Իսկ ժողովուրդի կենցաղին հետ կապուած բարեկարգման եւ զարգացման քայլերը քաղաքական իրագործումներ են: Այս գործին մէջ է որ հայը դուրս կու գայ դիւանագիտական կաղապարումներէն, պետականութիւն կառուցելու խարխափումներէն, եւ կը դառնայ իր հայրենիքին կապուած՝ շինարար ու քաղաքականացած ժողովուրդ: Հայաստանի պարագային, ենթակառոյցը հիմնական եւ առաջնահերթ քաղաքական հաստատութիւնն է պետականութիւն կերտելու գործին մէջ: Ասոր կը հետեւին միւս հաստատութիւնները՝ տնտեսական, պետական թէ ընկերային:
Պարզ է քաղաքական դաշտի ենթակառոյցը: Նախագահի ելոյթին մէջ գոյութիւն չունէր քաղաքական այդ միտքը: Կը պակսէր միջոցը քաղաքականութիւն կերտելու, երկրին մէջ բարեկեցիկ կեանք ստեղծելու եւ ժողովուրդ բնակեցնելու: Եթէ նկատի ունենանք հայրենիքի նիւթական կարելիութիւնները (անհատական թէ հաւաքական), ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հսկայական հարստութիւնը, եւ կարենանք գործածել ծրագրելու մեր հմտութիւնը, ապա, հաւանաբար, 2040ին Հայաստանի բնակչութիւնը կը հասնի 4 միլիոնի: Հետեւաբար, հետեւեալ տասը վերաբնակեցման պայմանները քաղաքականացման արժէք եւ գործ են Հայաստանի համար.
– Նորոգել բոլոր փոխադրական միջոցները
– Նորոգել բոլոր ճամբաները (մինչեւ երկրի ծայրամասերը հասնող)
– Նորոգել բոլոր պէտքարանները (հանրային թէ բնակարանային)
– Վստահ ըլլալ, որ ամէն տուն տաք ջուր կը հասնի (խողովակներ, ջեռուցման սարքեր, կազ, ելեկտրականութիւն)
– Գիւղացիներու արտերը ոռոգելու ջուր եւ միջոց
– Երկաթուղագիծերու նորոգութիւն
– Կրթական համակարգի բարեկարգում (ընկերային, գիտական, արհեստագիտական եւ այլ մարզերու մէջ)
– Հիւանդանոցներու եւ խնամատար կեդրոններու նորոգում (գիտութեամբ, սարքաւորումներով եւ խնամատար ծրագրաւորումով)
– Շինարարական արուեստի զարգացում (ասիկա արդէն հայկական ճարտարագիտութեան հնարքն է)
– Հանրային զբօսավայրեր
Հայաստանի մէջ անգործ մարդ չի կրնար մնալ եւ, ի վերջոյ, քանի մը տասնեակ տարիներ ետք, հայը բարեկեցիկ իր կեանքը կ՛ապրի եւ կապուած կը մնայ իր երկրին, ու կը բազմանայ: Սփիւռքը հսկայական գործ ունի ընելիք, մանաւանդ՝ կազմակերպութիւնները, առանց իշխանութեան մանրուքներով զբաղելու: Իսկ եթէ ոեւէ մէկը, իշխանութիւն թէ կուսակցութիւն, դէմ կենայ այս գործին, այն ատեն ժողովուրդը կը պոռթկայ, կը սկսի իր յեղափոխութիւնը թէ՛ իշխանութեան եւ թէ կուսակցութիւններուն դէմ: Իսկ եթէ հակառակ ուղղութեամբ երթանք, ժողովուրդը կը շարունակէ արտագաղթել ու երկիրը կը մնայ կեղեքող վերնախաւին: Հաւանաբար՝ չի՛ ալ մնար:
ԴՈԿՏ. ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ