Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանը Վաւերացուց Թուրքիոյ Մէջ Նահանգին Ներդրումները Ետ Քաշելու Նախագիծը. «Ասպարեզ»

Հունիս 03,2017 13:21

ԱՍՊԱՐԵԶ. ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ- Հինգշաբթի, Յունիս 1ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանը 67-0 քուէներով վաւերացուց թիւ AB1597 նախագիծը, որ կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել թրքական պետական բաժնեթուղթերու շուկայէն, իբրեւ հակազդեցութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին:

«Երախտապարտ ենք նահանգային խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանին, որ այս նախագիծը ներկայացուց եւ ապահովեց անոր վաւերացումը, ինչպէս նաեւ՝ հազարաւոր քալիֆորնիահայերու, որոնք այս նպատակով իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին՝ դիմելով իրենց ներկայացուցիչներուն, նահանգային խորհրդարանին ու ՀՅԴին, որ այս արշաւին նախաձեռնած էր ու արդէն իսկ նման որոշումներու վաւերցումը ապահոված էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն կողմէ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան։

Քուէարկութենէն առաջ, խորհրդարանին առջեւ ելոյթ ունենալով՝ Ատրին Նազարեան դատապարտած էր Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութիւնը եւ շեշտած, որ նահանգի ներդրումները անուղղակիօրէն կը նպաստեն ուրացման այդ քաղաքականութեան շարունակման։ Ան յիշեցուցած էր, որ նահանգը անցեալին եւս համաշխարհային մակարդակի վրայ մարդկային իրաւանց պաշտպանի դեր ստանձնած է՝ պատժական քայլեր առնելով մարդկային տարրական իրաւունքներ ոտնակոխող երկիրներու դէմ, ինչպէս օրինակ՝ Հարաւային Ափրիկէի խտրական, իսկ Սուտանի ցեղասպանական քաղաքականութեանց դէմ առնուած քայլերը։

«Այնքան ատեն, որ Թուրքիոյ պետութիւնը կը շարունակէ հովանաւորել Ցեղասպանութիւնը ժխտողները, պէ՛տք է կրէ պատասխանատուութիւնը եւ նիւթական պատիժի ենթարկուի», ըսած էր Նազարեան:

Նշենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու ՀԵԴ մօտէն գործակցած են Նազարեանի եւ սոյն նախագիծին համահեղինակ Սքաթ Ուիլքի հետ, իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերով գլխաւոր խորհրդական Հայկ Պաղտասարեան այս գծով վկայութիւն տուած էր։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴն եւս ողջունեց նախագիծին վաւերացումը։

AB1597 նահանգային օրէնսդրական նախագիծը կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ CalSTRS) որեւէ՛ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող, անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ առնչուող տնտեսական ձեռնարկութեանց մէջ: Հիմնադրամները նաեւ պարտաւոր պիտի ըլլան ետ քաշել անցեալին կատարած իրենց ներդրումները՝ Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութեանց կողմէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ գործադրելու որոշումին յաջորդող վեց ամիսներուն ընթացքին:

Ներկայիս, այդ ներդրումներու գումարը մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլար է։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մայիս   Հուլ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930