Ըստ նախօրօք առնուած որոշումի, Ազգային ժողովի նորընտիր պատգամաւորներուն հայերէնի տիրապետման մասին քննութիւններ պիտի կատարուի՞ն, վստահ չեմ: Ցարդ կը լսենք, որ կարգ մը ընտրեալներ հրաժարական ներկայացուցած են եւ չեն փափաքիր պատգամաւոր դառնալ. արդեօք անոնք իրենց հայերէնի իմացութիւնը բաւարար չե՞ն նկատեր, անո՞ր համար, թէ այլ պատճառներ կան՝ ինծի անծանօթ:
Եթէ լեզուի պատճառով է, ապա «պռաւօ» ըսեմ իրենց անկեղծութեան եւ ուղղամտութեան համար: Սակայն, երբ իմացայ, որ Լեզուի պետական տեսչութիւնը փակելու որոշում կ՛առնուի, մտածեցի, որ այլեւս մտահոգուելու կարիք չունին այդ ընտրեալները եւ, ինչպէս շատերու բերաններուն մէջ ջարդի ենթարկուող հայերէնը ի պատուի է, այդպէս ալ իրենք, իրենց գիտցածով կրնան բաւարարուիլ եւ գրաւել իրենց բաժին աթոռները:
Խայտառակ վիճակի մէջ է հայոց լեզուն, Հայաստանի գիրկին մէջ: Ամէն օր գրեթէ շփումի մէջ եմ հայախօսութեան հարցին հետ եւ կը զգամ, որ այս գահավէժ ընթացքը կասեցնելու մասին մտածող չկայ: Բոլոր տեղեկատուական միջոցները, ընթեռնելի եւ ունկնդրելի, ռուսական տեղեկատուութեան ոլորտէն կը քաղեն իրենց նոր բառապաշարը եւ եղածին պէս կը հրամցնեն ժողովուրդին, որ իւղի պէս կը կլլէ, առանց որեւէ անդրադարձի, կամ հակազդեցութեան, բացի ինծի նման խենթերէ, որոնք կը ցաւին, կը զայրանան, կ՛արտայայտուին, սակայն՝ անօգո՛ւտ:
Թէեւ Վահան Թէքէեան կը կասկածէր, որ յիսուն տարի ետք իր գրած լեզուով խօսող պիտի չմնայ. սակայն սխալեցաւ մեծ բանաստեղծը, յիսուն չէ, այլ՝ հարիւր, թերեւս քիչ մը աւելի, բայց վստա՛հ որ իր բիւրեղեա՛յ հայերէնը խօսող պիտի չմնայ, գուցէ՝ անոր աղաւաղուած պատճէնը միայն, բայց ի՛ր հայերէնը՝ երբե՛ք, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում