ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Երեքշաբթի, Մայիս 16ի յետմիջօրէին, Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ կազմակերպուած խաղաղ ցոյցի մասնակիցները թիրախ դարձան խումբ մը թուրք ազգայնամոլներու վայրագ յարձակումներուն, որոնց իբրեւ հետեւանք՝ քանի մը ցուցարարներ վիրաւորուելով հիւանդանոց փոխադրուեցան։
«Նման յարձակումներ չենք ակնկալեր տեսնել Ամերիկայի մայրաքաղաքին մէջ, հակառակ անոր որ անոնք սովորական են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ այլ բռնատիրական երկիրներու մէջ։ Թուրքիա կը փորձէ իր անհանդուրժողութիւնը Միացեալ Նահանգներ փոխադրել», այս առթիւ յայտարարեց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ յարձակումին մէկ մասը տեսագրելով՝ զետեղած է Հայ Դատի «Ֆէյսպուք»ի կայքէջին վրայ՝ հետեւեալ հասցէին. www.facebook.com/ancagrassroots:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում