Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ամէն բանէ Աւելի` ինչի՞ պէտք ունի մեր երկիրը այսօր. «Ասպարեզ»

Մայիս 02,2017 12:05

Հայրենի մամուլին մէջ վերջերս աւելի եւ աւելի յաճախակիօրէն կը հանդիպինք «լյումպենացում» բառին: «Լյումպենացում»ին հայերէնը «ցնցոտիացում»ն է: Այսինքն, ժողովուրդի մը կամ ժողովուրդի հատուածի մը ծայրայեղ աղքատացում, աշխատաւորութեան՝ ցնցոտիներ հագուող չափազանց աղքատ խաւի վերածում:

Սփիւռքը եօթանասուն տարի երազեց Հայաստանի ազատագրում եւ անկախացում: Հայաստանը անկախացաւ եւ այդ թուականէն քսանհինգ տարիներ ետք, այսօր, մեր հայրենի ժողովուրդէն լայն խաւ մը ցնցոտիացած է:

Առաջին (միջանկեալ) հարցում. ինչո՞ւ Սփիւռքը բուռն կերպով չի բողոքեր այս վիճակին դէմ: Սփիւռքի մամուլը, մտաւորականութիւնը, կազմակերպութիւնները ընդհանրապէս ո՛չ ըմբոստ եւ ոչ պահանջկոտ կեցուածք ունին հայրենի ժողովուրդին ցնցոտիացման իրողութեան գծով (բացառութիւնները՝ յարգելի): Կարելի չէ այս ընթացքը բացատրել՝ ըսելով, թէ երկրին ապահովութիւնը նախապատուութիւն ունեցող, աւելի կարեւոր եւ լուրջ հարց է (այսինքն՝ պէտք է ընդունիլ ժողովուրդին ցնցոտիացումը, որովհետեւ գոյութիւն ունի Արցախի տագնապը, եւ երկիրը վտանգի դիմաց է): Հարցադրող մարդը շուտով կ՛անդրադառնայ, որ կարելի է երկիրը ապահով վիճակի մէջ պահել առանց զոհելու ժողովուրդին օրուան հացը: Հարցադրող մարդը կ՛անդրադառնայ նաեւ, որ ժողովուրդը ցնցոտիացնելու ռազմավարութիւնը երկրին ապահովութիւնը չ՛աւելցներ, այլ կը պակսեցնէ՛:

Իրաւամբ, երկրի ղեկավարութեան կողմէ որդեգրուած ցնցոտիացնող ռազմավարութեան արդիւնքներէն են հաւասարակշռութիւնը կորսնցուցած վատառողջ տնտեսութիւնը, վտանգաւոր աստիճանի հասած արտագաղթը, բնակչութեան թիւի անկումը, մարդուժի նօսրացումը, ժողովուրդին ապրած հոգեկան փլուզումը, տնտեսական ներուժի անկումը եւ պետական միջոցներու խեղճացումը: Բոլոր այս զարգացումները մեծապէս կը տկարացնեն երկիրը եւ երկրին ինքնապաշտպանութեան կարողութիւնը. հետեւաբար՝ լրջօրէն կը վտանգեն անոր ապահովութիւնը: Ուրեմն, ուժեղ կեցուածք չորդեգրող Սփիւռքի յանցանքը կրկնակի է եւ մեծ: Յանցանքը կրկնակի է եւ մեծ, որովհետեւ մեր այս կեցուածքով ներող կ՛ըլլանք թէ՛ ընկերային արդարութեան ոտնակոխումի ահաւոր երեւոյթներուն, թէ՛ երկրին ապահովութեան լուրջ վտանգումին դիմաց:

Այժմ՝ ցնցոտիացումի երեւոյթին պատճառներուն մասին:

Պատճառները մեր հայաստանեան եւ սփիւռքեան մամուլին մէջ ներկայացուած են: Ցնցոտիացած է ժողովուրդի լայն խաւ մը, որովհետեւ կազմուած է անօրէն ձեւերով գործող մեծահարուստներու խումբ մը, որ կողոպտած է եւ կը շարունակէ կողոպտել երկրին բոլոր հարստութիւնները եւ աշխատաւոր ժողովուրդին ձգած է՝ գրեթէ ոչինչ:

ՎԱՉԷ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031