Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումար Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ

Մայիս 01,2017 14:52

«Գանձասար». Հրաւէրով ու նախագահութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, Շաբաթ, 29 Ապրիլ 2017-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի համագումարը տեղի ունեցաւ։

Վեհափառ Հայրապետին կողքին համագումարին ներկայ էին Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարք Տ. Գրիգոր-Պետրոս Ի. եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան։ Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նաեւ ՍԱՐՖ-ի ներկայացուցիչը, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչները, Սուրիահայութեան Շտապ Օգնութեան եւ Վերականգնումի Մարմինի անդամներ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Արհ. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան, Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայ երեք կազմակերպութիւններու, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ներկայացուցիչներ: Համագումարին կը մասնակցէին նաեւ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի տնօրէնը, Ֆրանսայի, Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ատենապետները։ Լիբանանէն կը մասնակցէին ԱՖԷՏ-ի ու ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները եւ Հայկազեան Համալսարանի Նախագահը։

Համագումարը, առաջին հերթին, առիթ մը եղաւ լսելու Սուրիոյ հայութեան վերականգնումին գծով Նորին Սրբութեան պատկերացումը, հոգեւոր պետերուն ողջոյնի ու քաջալերանքի խօսքերը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի յանձնախումբին կողմէ վերջին չորս ամիսներու ընթացքին կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն զեկոյցը։ Ապա, տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում ու արժեւորում: Ճշդուեցան յառաջիկայ ամիսներուն կատարուելիք աշխատանքին առաջնահերթութիւնները, ընթացքն ու հանգրուանները։

Համագումարը ողջունելով անցնող շուրջ հինգ տարիներու ընթացքին համահայկական տարողութեամբ Սուրիոյ հայութեան կատարուած օժանդակութիւնը, մաղթեց որ նո՛յն ոգիով ու մօտեցումով շարունակուի Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքներուն համահայկական զօրակցութիւնը։ Հետեւելով Նորին Սրբութեան պատկերացումին, համագումարը հետեւեալ չորս բնագաւառները նկատեց հիմնական առաջնահերթութիւններ վերականգնումի գործընթացի ծիրէն ներս.

1) Միջին գործարարութեան օժանդակութիւն ու փոխատուութիւն կատարելու ծրագիրի մշակում եւ անմիջական գործադրութիւն
2) Ազգային կառոյցներու վերակազմակերպման ու վերաշխուժացման աջակցութիւն
3) Վնասուած շէնքերու վերանորոգում
4) Կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութիւն։

Համագումարը առաջարկեց, որ յիշեալ չորս մարզերէն ներս ցարդ կատարուած նախապատրաստական աշխատանքները երկրէն ներս տիրող պայմաններու լոյսին տակ ամբողջացուին՝ մասնագիտական ու իրապաշտ մօտեցումով։ Համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեց, որ վերականգնումի աշխատանքները համադրող ու հետապնդող յատուկ գրասենեակ մը հաստատուի Հալէպէն ներս՝ կեդրոնական ու մասնագիտական յանձնախումբերու կողքին։

Որոշուեցաւ Օգոստոս 2017-ի առաջին կիսուն համահայկական տարողութեամբ համագումար մը կազմակերպել՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի Պետութեան, հայկական գաղութներու, թեմերու, կազմակերպութիւններու ու բարերարներու։ Սոյն համագումարին նպատակը պիտի ըլլայ ընդհանուր զեկոյց մը ներկայացնել կատարուած նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին ու ներկայացնել պատրաստուած ծրագիրները, որպէսզի անոնք որդեգրուին ներկաներուն կողմէ։

Յիշեալ սկզբունքները ճշդելով ու անհրաժեշտ թելադրութիւնները կատարելով, համագումարը նաեւ կարեւորութեամբ արձանագրեց, թէ անհրաժեշտ է միշտ նկատի ունենալ Սուրիայէն ներս տիրող քաղաքական ու ապահովական պայմաններուն հոլովոյթը։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031