102-րդ Ապրիլ 24-ը կը նշենք։ Անհատաբար թէ հաւաքաբար, կարելի բոլոր միջոցներով կ՛աշխատինք, պէ՛տք է աշխատինք, որպէսզի մեր շրջապատին ու աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրենք մեր անժամանցելի Դատին վրայ։
Տոքթ. Ռազմիկ Քրումեան (Քիւրումլեան) մեր անմիջական դրացնութեան մէջ ապրող հայորդի մըն է, որ այս տարի որոշած էր իւրայատուկ նախաձեռնութեամբ մը մասնակցիլ մեր Դատի ծանօթացման աշխատանքներուն։ Նկատի ունենալով The Promise ժապաւէնին բնոյթը, ան իր մասնագիտական հոգածութիւնը վայելողներու հրաւէր ուղղած էր, որպէսզի Շաբաթ, 22 Ապրիլին, իրենց ընտանիքի անդամներով ու բարեկամներով իր հիւրը ըլլան իր բնակավայրին մօտ գտնուող շարժապատկերի սրահի մը մէջ (Թաուզընտ Օքս)։ Հրաւէրը ուղղուած էր նաեւ ոչ-հայ բժիշկներու։
Հրաւիրագիրին մէջ, Տոքթ. Քրումեան հակիրճ բացատրութիւն մը տուած էր ժապաւէնին մասին, նշելով, որ իբրեւ մէկ շառաւիղը Ցեղասպանութենէն փրկուած ընտանիքի մը, բաժնեկցած է վերապրողներուն ցաւը եւ աւելին՝ կը տագնապի, որովհետեւ ցարդ շատեր չեն ճանչցած Ցեղասպանութիւնը, անոնց շարքին՝ Միացեալ Նահանգներու պետութիւնը։
«Կ՛ուզեմ այս ձեւով յարգել (Ցեղսպանութեան զոհերուն ու վերապրողներուն) յիշատակը», կը շեշտէր հրաւիրագիրը։
Այս մասին կը զրուցեմ հետը։ Հրաւիրեալներուն թիւը շուրջ հարիւր է։ Ձայնը կը մատնէ, որ ժապաւէնը ցուցադրող սրահը փոքր է, մինչդեռ ինք պիտի ցանկար աւելի մեծ թիւով հիւրեր ունենալ։
«Գիտեմ, որ մեր միութիւններն ու կազմակերպութիւնները մեր նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը կը սպասեն մեր իրաւունքներուն հետապնդման համար։ Այս ալ մասնակցութեան ի՛մ ձեւս է այս տարի», կ՛ըսէ երիտասարդ բժիշկը։
Ս. Մահսէրէճեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում