Ապրիլ 13ը եղաւ պատմական օր մը Ռոտ Այլընտի հայութեան համար: Արդարեւ, յատուկ բանաձեւով մը, տեղւոյն նահանգային խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Միաժամանակ, նահանգը ճանչցաւ Հրեաներու Ողջակիզումը:
Այս երկու բանաձեւերը արդիւնքն էին ներկայացուցիչներ Քեթրին Գազարեանի եւ Արոն Ռուկընպըրկի հետեւողական աշխատանքներուն: Խորհրդարանի խօսնակ Նիքըլաս Մաթիէլօ յայտնեց, թէ այս բանաձեւերը միաձայնութեամբ վաւերացուեցան:
Նիստին ներկայ էին տեղի Սուրբ Սահակ-Մեսրոպ եւ Սուրբ Վարդանանց եկեղեցիներու հովիւները եւ Ռոտ Այլընտի Հայ Դատի ներկայացուցիչ Անի Հարոյեան: Իսկ Եռագոյն դրօշի ծածանման հանդիսութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ տեղւոյն ՀՄԸՄի սկաուտներուն մասնակցութեամբ: