Պարտք՝ մեր նահատակներուն, պարտք՝ մեր ապագային: Ապրիլը պէտք է դառնայ այն ամիսը, երբ ազգովին կը վերանորոգենք մեր ուխտը, թէ՝ թոյլ պիտի չտա՛նք, որ անգամն ալ մեր ժողովուրդը ենթարկուի ջարդի, կոտորածի ու ցեղասպանութեան:
Այս ուխտը կարծես տակաւին չենք կատարած, եւ ուրեմն՝ վերանորոգման հարց չկայ, այլ կայ նո՛ր յանձնառութեան խնդիր: Ուխտը չե՛նք կատարած՝ կը պնդե՛մ, որովհետեւ մեր ազգային կեանքին մէջ նման վճռականութեան գործունէութեան շուքն իսկ չ՛երեւիր:
Այո՛, բաներ մը կ՛ընենք, նոյնիսկ որոշ իրագործումներով կարելի է հպարտանալ, մանաւանդ՝ Հայ Դատի ոլորտէն ներս, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճանապարհին: Այսուհանդերձ, կարելի չէ՛ բաւարարուիլ. արագ ակնարկ մը մեր վիճակին, թէ՛ Սփիւռքի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի, կը պարզէ, թէ որքա՛ն անպատասխանատուութեամբ կը վերաբերինք մեր գոյութեան կռուանները ամրապնդելու հրամայականին հանդէպ:
Պետական մակարդակով, անպատասխանատուութեան աղիտալի հետեւանքները կը տեսնենք՝ Հայաստանէն արտագաղթի, ընկերային անարդարութեան ու անպաշտպանուածութեան մթնոլորտին պատճառած բարոյալքումի երեւոյթներուն ընդմէջէն, որոնց դէմ, կարծես, անզօր դարձած ենք, եւ նոյնիսկ անոնց հակադարձելու մղումը սկսած է իր տեղը զիջելու համակերպումին ու կրաւորականութեան:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ կարող եք կարդալ «Ասպարեզ»-ի կայքում