Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայտարարություն. ՌԱԿ-ի անունը օգտագործող կանոնագրականօրէն խորթ, ապօրինի եւ արհեստածին մարմինները կը փորձեն տկարացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը

Ապրիլ 12,2017 11:25
rak

Հայրենի պետական կառոյցներուն

Հայրենի պետական, քաղաքական եւ հասարակական հաստատութիւններուն

Հայ կրօնապետերուն, նուիրապետական աթոռներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն

Սփիւռքի քոյր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն

Հայրենի եւ Սփիւռքահայ մամուլի պատասխանատուներուն

Ի տես վերջին շրջանին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան աւանդական ուղեգիծէն շեղած եւ պառակտումի ձգտող կարգ մը անկարգապահ անհատներու հանրային կարծիքի մօտ ստեղծած շփոթին՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրինական ղեկավարութեան եւ կառոյցին շուրջ, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնս՝ պատմութեան եւ հայ ժողովուրդին ընդ առաջ՝ պարտադրուած կը զգայ հետեւեալ գիրը ուղղելու հայ պետական, քաղաքական, ազգային, կրօնական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն եւ Հայրենի ու Սփիւռքի մամլոյ ներկայացուցիչներուն՝ միանգամընդմիշտ յստակացնելու հետեւեալ յոյժ կարեւոր կէտերը՝ առաջքը առնելու ամէն տեսակի թիւրիմացութեան եւ շփոթի.

Ա. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան օրինական ղեկավար մարմինը կը հանդիսանայ՝ Հայրենիքի մէջ 2016 տարուան Մայիս ամսուն պատմական եւ աւանդական յաջորդականութեամբ գումարուած՝ ՌԱԿ 27-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական ժողովէն բխած ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութիւնը: Հայրենիքի մէջ առաջին անգամ գումարուող պատմական այս ժողովին գումարման առիթով իրենց ողջոյնի խօսքն ու օրհնութեան գիրերը յղած էին ՀՀ Վսեմաշուք նախագահ Սերժ Սարգսեանը, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան իշխանութենէն դուրս գործող կամ հանդէս եկող ոեւէ անձ կամ որեւէ մարմին չի կրնար ներկայացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը:

Բ. ՌԱԿ-ի անունը օգտագործող կանոնագրականօրէն խորթ, ապօրինի եւ արհեստածին մարմիններ ու անոնց միջոցով հայ աւանդական կուսակցութիւններէն մէկը պառակտել կամ իւրացնել փորձող անհատները ոչ միայն կը փորձեն տկարացնել Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, այլ նաեւ կը սպառնան Սփիւռքի գոյութեան, որուն ներկայութենէն ու քաղաքական ուժէն կը սարսափի հայ ժողովուրդի թշնամին եւ որուն կազմակերպ վիճակը աւելի քան կենսական է ինչպէս սփիւռքահայութեան եւ մեր քոյր կառոյցներուն համար, այնպէս ալ անշուշտ Հայրենիքին: Այդ միեւնոյն անհատներու ազգակործան եւ պառակտիչ գործելաձեւը նորութիւն մը չէ անշուշտ եւ ոչ ալ գաղտնիք մըն է այսօր: Ամէն պարագայի, ի՞նչ կարելի է յուսալ անցեալ դարու պաղ պատերազմի հետեւանքներէն մին հանդիսացող եղբայրասպան կռիւներու արիւնով տակաւին սնանող մարդոցմէ, որոնք իրենց լուր տարածելու միջոցներով առիթը չեն փախցներ փառաբանելու եղբայրասպան այդ օրերը, անտեղի հակառակութիւն փորձել ստեղծելով քոյր կազմակերպութիւններու հետ, եւ աւելին՝ հայրենի պետութեան դէմ անհաւասար եւ անպատասխանատու ընդդիմութիւն կը խաղան, հայրենիքին ապահովութեան սպառնացող կասկածելի կողմերու հետ աշխատելու գնով իսկ:

Գ. Վերոյիշեալ պառակտումի շարժումները անկախ անյայտ եւ կասկածելի աղբիւրներէ, կը ֆինանսաւորուին նաեւ ատենին իրենց վստահուած՝ սակայն, այսօր ազգային եւ մարդկային խիղճէ զուրկ՝ կարգ մը անհատներու ձեռնարկած կուսակցապատկան կառոյցներու վաճառքի հասոյթներէն:

Դ. Շրջանառութեան մէջ դրուած ՌԱԿ «Գերագոյն Խորհուրդ» անունով մարմին մը գոյութիւն չունի 95-ամեայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան կանոնագրութեան մէջ: Անիկա արհեստածին է իսկ անոր գլուխը ինքզինք դասող Վարդան Նազիրեանը՝ ինքնակոչ նախագահ մըն է պարզապէս, այսպէս կոչուած ղեկավարութիւն խաղցող իր խմբակին հետ մէկտեղ:

Ե. Կուսակցութեան ինչ անուանումով ալ ներկայանայ ան կամ կոչէ իր գլխաւորած մարմինը՝ Հայաստանի մէջ գործող Յակոբ Աւետիքեանի կուսակցութեան հետ, աշխարհասփիւռ եւ աւանդական Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը ոչ մէկ կապ ունի այսօր: Ընդամէնը քանի մը տարի առաջ ստեղծուած այդ խմբակը, այսօր վատաբար կը փորձէ իւրացնել 95 ամեայ կուսակցութեանս անունը, դրօշն ու զինանշանը: Ամէն պարագայի վերոյիշեալները ո՛չ մէկ ձեւով ներկայացուցած են կամ կը ներկայացնեն աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը: ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեանս Հայաստանաբնակ եւ Հայրենիք յաճախակի այցելութիւն տուող անդամները լաւագոյնս կը ներկայացնեն աշխարհասփիւռ ՌԱԿ-ը՝ յաչս հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Զ. ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային վարչութիւն անունով մարմին մը գոյութիւն չունի այսօր: Այդ շրջանակը 11 տարիներ առաջ՝ 22 – 26 Փետրուար 2006-ին Աթէնքի մէջ գումարուած ՌԱԿ 24-րդ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին որոշումով կազմալոյծ յայտարարուած է, որուն փոխարէն կազմուած են Արեւելեան Ամերիկայի եւ Կեդրոնական ու Արեւելեան Գանատայի երեք Շրջանային վարչութիւններ:

Է. Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան պաշտօնական օրկանները հետեւեալներն են.

-«ՌԱԿ Մամուլ»ը (ragmamoul.net) – ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական խօսափող` աշխարհատարած առցանց կայքը:
-«Զարթօնք» օրաթերթը՝ տպագիր եւ առցանց – Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթը:
-«Նոր Օր» շաբաթաթերթը՝ տպագիր եւ առցանց – Արեւմտեան Ամերիկայի հայահոծ գաղութի ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթը:
-«Սարդարապատ» շաբաթաթերթը՝ տպագիր եւ առցանց – Արժանթինի եւ Հարաւային Ամերիկայի ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթը:
-«Հայ Կեանք» ելեկտրոնային շաբաթաթերթը – Յունաստանի եւ Եւրոպայի ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթը:

Վերոյիշեալ թերթերէն բացի որեւէ թերթ կամ մարմին, որ այսօր կը փորձէ ինքզինք ներկայացնել, որպէս ՌԱԿ-ի խօսափող, կա՛մ այն է, որ շեղած է իր աւանդական եւ օրինապահական ուղեգիծէն եւ կամ արհեստածին է եւ յերիւրածոյ:

Յոյսով ենք, որ վերոյիշեալ լուսաբանութիւնները առաջքը կ՛առնեն ամէն տեսակի թիւրիմացութեան եւ մոլորեցնող լուրերու պատճառած կամ պատճառելիք շփոթին: Այս առիթով հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլին ուշադրութեան կը յանձնենք իրենց առած լուրերուն հաւաստիութիւնն ու աղբիւրին վստահելիութիւնը լաւապէս ստուգելու պարագան՝ առաջքը առնելու համար անհիմն, պառակտող եւ խնդրայարոյց լուրերու ակամայ հրապարակումին ու տարածման՝ մեր կուսակցութեան վերաբերող լուրերու որպէս աղբիւր որդեգրելով վերոյիշեալ մեր մամուլը եւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեանս պաշտօնական յայտարարութիւններն ու հաղորդագրութիւնները:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Սեւակ Յակոբեան

Ատենադպիր

Սերխիօ Նահապետեան

Ատենապետ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930