Հայաստանեան բոլոր ընտրութիւններէն ետք, ժողովրդական շրջանակներու մէջ ամէնէն տարածուած զրոյցներէն մէկը այն է, որ պատգամաւորական թեկնածուները իրենց բաշխած կաշառքներն ու կատարած հսկայական ծախսերը ձեւով մը ետ կը հաւաքեն նոյն ժողովուրդէն:
Գումարները վերադարձնելու ձեւերէն մէկը, ըստ այս զրոյցներուն, ապրանքներու թանկացումն է: Ընտրակաշառքը առատօրէն բաշխած պատգամաւորական թեկնածուները, որոնք սննդանիւթի կամ այլ ապրանքատեսակներու շուկայի մենաշնորհեալներն են, իրենց կորուստները կ՛աւելցնեն ապրանքներու գիներուն վրայ, եւ կրկին կը լեցնեն իրենց գրպանները՝ շարունակելու իրենց զեխ կեանքը եւ պատրաստուելու յաջորդ ընտրութիւններուն:
Իսկ կաշառքով իր քուէն վաճառած՝ թշուառութեան մէջ ապրող կամ անմիջական խնդիր մը լուծելու համար արժանապատուութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող քաղաքացին, իր ընդվզումը արտայայտելու, իր նուաստացման վրէժը լուծելու ձեւ մը կրնայ գտնել՝ եթէ ուզէ:
Օրինակի համար, եթէ պանան ներածող պատգամաւորը անտրամաբանականօրէն բարձրացնէ իր ապրանքի գինը, ապա պէտք է հասարակական շարժումի մը սկսիլ՝ պանան չգնելու քարոզչութիւն կատարելով:
Կարդացեք նաև
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում