Վարչապետ Կարէն Կարապետեան, խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք կայացած կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին, նախարարներէն պահանջեց արտակարգ իրավիճակի տրամաբանութեամբ աշխատիլ: Շա՛տ աշխատիլ, աւելի՛ ժամ տրամադրել, որպէսզի ժողովուրդին տուած «վստահութեան» քուէն իմաստաւորուի:
Կարելի՞ է հաւատալ, որ վիճակի բարելաւման գաղտնիքը մեր կառավարութեան կազմի անադմներու աշխատասիրութեան, անոնց ծանրաբեռնուածութիւնը աւելցնելուն մէջ է: Չե՛մ կարծեր:
Հայաստանի մէջ վիճակի բարելաւման հիմնական շարժիչը միա՛յն ժողովուրդի վստահութիւնը կրնայ ըլլալ՝ իշխանութեանց հանդէպ, ու այդ վստահութենէն ծնած հոգեփոխութիւնը, ապագայի հանդէպ յոյսով տոգորուիլը: Այդ հոգեփոխութիւնը միայն կրնայ ժողովուրդը մղել ներկայ զրկանքներուն ու անիրաւութեանց հանդէպ հանդուրժողութիւն ցուցաբերելու:
Խորհրդարանական ընտրութիւնները, իրենց ընթացքով, պէտք է առաջին ազդանշանը տային այդ հոգեփոխութեան, վստահութեան ներշնչման… Զարմանալին ա՛յն է, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ընտրութեանց արդիւնքները բողոքարկող ձայները քիչ են, խանդավառութեան նշաններ չե՛ն երեւիր երկնակամարին վրայ, անկիւնադարձի մը վրայ գտնուելու բերկրանքը գրեթէ չի՛ նկատուիր, բացի յաղթող կուսակցութեան կարգ մը ղեկավարներու՝ առ ի պարտականութիւն հնչող ելոյթներուն մէջ տեղ գտած ինքնաշնորհաւորանքներէն:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում