«Եռագույն». ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) անդամներ երէկ, երեքշաբթի խաղաղ նստացոյց մը կազմակերպեցին Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանին մէջ` իբրեւ բողոք նշեալ համալսարանին եւ Պէյրութի մէջ թրքական «Եունուս Էմրէ» հիմնարկի արդի Թուրքիոյ մասին կազմակերպած դասախօսութեան դէմ: Իբրեւ դասախօս հրաւիրուած էր թուրք պատմագէտ Իլպեր Օրթայլը, որ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան գծով իր ժխտողական եւ հակահայ կեցուածքով ու ապատեղեկատուութեամբ:
Ուսանողները դասախօսութեան մասնակցելով հարցումներ ուղղեցին Թուրքիոյ արիւնալի պատմութեան մասին` դատապարտելով Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը Հայոց ցեղասպանութեան գծով: Անոնք հագած էին շապիկներ, որոնց վրայ նկարազարդուած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հայկական բռնագրաւուած հողերը պահանջող լոզունգներ: Անոնք նաեւ ներկաներուն ցրուեցին թրքական ոճիրները վաւերագրող թռուցիկներ, ուր կ՛ըսուէր.
«Այս պատմագէտը զանազան երկիրներու ու ներկայիս Լիբանանի մէջ կազմակերպուած կլոր սեղաններու ընթացքին պարզապէս պատմական իրողութիւնները աղաւաղող, անհիմն եւ անստոյգ տեղեկութիւններ տարածող կեղծարար մըն է, որ կը յաւակնի յայտարարել, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը եւ արդի Թուրքիան հաւատացող են դաւանանքի ազատութեան ու իրաւունքին եւ Օսմանեան կայսրութեան զանազան շրջաններուն մէջ ապրող փոքրամասնութեանց քաղաքացիական իրաւունքներուն: Սակայն այդ փոքրամասնութիւնները կը վկայեն այս պատմագէտի սուտերն ու յերիւրանքները:
Իբրեւ լիբանանցիներ չէինք ու չենք մոռցած օսմանցիներուն կողմէ լիբանանեան գիւղերու եւ քաղաքներու պաշարումն ու բնակչութեան սովամահութեան մղումը: Իբրեւ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներ մեր յիշողութեան մէջ փորագրուած են ահաւոր ու վայրագ արարքները:
Իսկ յոյները քաջ գիտէին, թէ իրենք անբաղձալի տարրեր էին, աւելի՛ն` իրաւազրկուած էին Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդներուն կողմէ, որոնք աքսորեցին զիրենք դէպի յունական տարածքներ, ինչ որ հետագային կոչուեցաւ «բնակչութեան փոխանակում»:
Քիւրտերը իրենց կարգին քաջ գիտեն թուրքերու հանդուրժողականութեան աստիճանը, յատկապէս` անցնող դարաշրջանի երեսունական թուականներէն մինչեւ օրս շարունակուող` քիւրտ ժողովուրդին դէմ թրքական օդուժին իւրաքանչիւր ռմբակոծումին առընթեր:
Թուրքերը էի՛ն եւ տակաւին կը շարունակեն բնակչութեան փանթուրանական խտրականութեան առաքելութեամբ դասակարգումը իրենց երկրին մէջ, որ հիմնուած է իրաւազրկուած, բռնագաղթուած եւ խողխողուած քաղաքացիներու դիակներուն վրայ: Թուրքերը տակաւին կը շարունակեն ատելութիւն, ոխակալութիւն, սուտ քարոզչութիւն տարածել իրենց եւ Անտիոքի ու Միջին Արեւելքի ժողովուրդներու պատմութեան մասին:
Ալպեր Օրթայլըի նման կողմնակալ պատմագէտներ «արտադրեցին» Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նման ղեկավարներ, որուն վարչակարգը կը զօրակցի ՏԱՀԵՇ-ին:
Ու պատահականութիւն չէ, որ թուրք հանդուրժողական, հանրածանօթ գրագէտներ ու մտաւորականներ աքսորուեցան, սպաննուեցան կամ թրքական բանտեր ուղարկուեցան:
Քասլիքի Ս. Հոգի համալսարանը է՛ր եւ պիտի մնա՛յ Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի բարեհամբաւ վարկով ծանօթ, անիրաւութեան դէմ հակադրուող, մարդկային հարցերու զօրավիգ կաճառներէն եւ հաստատութիւններէն մէկը: Ու ինչպէս անիկա մեզ վարժեցուցած է` պիտի շարունակէ կազմակերպել կլոր սեղաններ` հրաւիրելով անաչառ ու անկողմնակալ եւ Թուրքիոյ արիւնալի պատմութեան իրողութիւնները բացայայտելու քաջութիւնն ու համարձակութիւնը ունեցող պատմագէտներ:
Այսօրուան այս խաղաղ ցոյցը կը միտի մեր քաղաքացի եղբայրներուն եւ ուսանողներուն յիշեցնել ու իրազեկ դարձնել զանոնք Օսմանեան կայսրութեան անիրաւութեան ու արդի Թուրքիոյ պատմական իրողութիւններու հերքումի անդուլ փորձերուն, որոնք կ՛ողողեն մեր շրջանակները Միջին Արեւելքի մէջ: Նաեւ այս համալսարանին կ՛ուզենք յիշեցնել, թէ նման կլոր սեղան մը խոտոր կը համեմատի իր դիրքին ու վարկին, իբրեւ քաղաքակիրթ, մտաւորական ու իրաւունքի ռահվիրայ հարթակ»: