Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Կը խոնարհինք, սակայն չենք ընկճուիր վիշտին ծանրութեան տակ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան

Ապրիլ 01,2017 12:19

Ահաւասիկ տարի մը անցած է այն օրերէն, երբ Ատրպէյճանի պետութիւնը անգամ մը եւս բիրտ ուժի դիմեց եւ փորձեց զէնքի ուժով հայութեան պարտադրել Արցախի հարցին ի՛ր հասկցած լուծումը, ոտնակոխելով միջազգային օրէնքը եւ խաղաղ գործընթացը: Այդպէ՛ս եղաւ, որովհետեւ ցեղասպան թուրք պետութիւնը իբրեւ տիպար ընդունած Ատրպէյճանի տրամաբանութիւնը տակաւին չէ կրցած ըմբռնել, որ վայրագութենէ այլ ուղի կայ ազգամիջեան հարցեր լուծելու, կը կարծէ թէ կարելի է բռնաբարել արդարութիւն, իրաւունք եւ քաղաքակրթական սկզբունքներ ու մնալ անպատիժ:

Տարի մը առաջ, 2 Ապրիլէն սկսեալ եւ յաջորդաբար չորս օր, Արցախի մեր քաջարի զինուորները զէն ի ձեռին ոտքի կանգնեցան եւ առիւծի նման պաշտպանեցին հայրենի հողը, յանձն առին նահատակուիլ եւ ցոյց տուին Պաքուի վարիչներուն, որ Արցախի սահմանները անպաշտպան չեն, հայ զինուորն ու երիտասարդը, ո՛ղջ հայութիւնը չեն արտօներ որեւէ ոտնձգութիւն, մինչեւ իսկ եթէ անհաւասար կռիւ պարտադրուի իրենց:

Ու մեր նորագոյն պայքարի պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ Արցախեան Քառօրեայ Պատերազմի դիւցազնամարտը, դարձաւ խորհրդանիշ մեր դիմադրականութեան, դարձաւ հրաւէր հայութեան ձեռքերու միացման: Հայկական բանակն ու սահմանային գօտիի բնակիչները կրեցին նիւթական ծանր վնասներ, տուին բազմատասնեակ զոհեր, որոնք փառաց լուսապսակին արժանանալով՝ միացան հայութեան բիւրաւոր նահատակներու փաղանգին, որ գոյութիւն առած է դարերու ընթացքին, սկսելով Աւարայրէն շատ առաջ, կտրած է դարերու արիւնոտ ճանապարհները, լուսաշող էջերով արձանագրած է ֆետայական շարժումը, Սարդարապատը եւ մեր բազում հերոսամարտերը, մինչեւ որ անկախութեան դրօշը ծածանեցաւ Հայաստանի վերեւ ու Արցախի բարձունքներուն:

Այսօր, տարի մը ետք, բոլորս խունկ ու աղօթքով կը խոնարհինք մեր նահատակ զինուորներուն եւ ազերիական նախայարձակման իրենց կեանքը զոհած անմեղ քոյրերուն ու եղբայրներուն յիշատակին: Կը խոնարհինք, սակայն չենք ընկճուիր վիշտին ծանրութեան տակ, այլ մեր հոգիները կը խայտան երախտագիտութեամբ եւ մանաւա՛նդ հպարտութեամբ: Այսօր եւ մի՛շտ աշխարհին դիմաց կը կանգնինք բարձր ճակատով, որովհետեւ մենք նախայարձակ չէինք, այլ խիզա՛խօրէն պաշտպանեցինք մեր հո՛ղը, մեր իրաւո՛ւնքը, արժանի հակահարուած տուինք վատ թշնամիին եւ գործնապէս վկայեցինք, որ չենք նահանջեր վատ ու դաւադիր ոտնձգութիւններու առջեւ:

Ինչպէս որ Արցախեան Շարժումի առաջին օրերուն, նոյնպէս ալ քառօրեայ պատերազմին, եւ մինչեւ այսօր, Արցախը վստահ է, որ Հայաստանն ու աշխարհատարած հայութիւնը մէկ մարդու պէս կը կանգնին իր կողքին, պատրաստ են կարելի ամէն միջոցով մասնակից ըլլալու հայրենի հողին ու հայութեան իրաւունքներուն պաշտպանութեան:

Հայը իրազեկ է եւ կը վերահաստատէ, որ Արցախի ճակատներուն վրայ որեւէ ընկրկում կամ նահանջ՝ համազօր է համայն հայութեան պայքարի բոլոր ճակատներուն վրայ նահանջի:

Ճի՛շդ է. սահմանապահ զինուորները այսօ՛ր ալ կը նահատակուին, սակայն ամուր կանգնած են թշնամի արձակազէնին ու թնդանօթաձիգին դիմաց, հայրենի հող չզիջելու վճռակամութեամբ: Թալիշէն ու վնասուած այլ օճախներէ հեռացած արցախցիք նո՛յն վճռակամութեամբ կը վերադառնան իրենց բնակարանները, վստահելով քաջարի բանակին, որուն կողքին են իրենք:

Անցեալի ու երէկի մեր նահատակները այսօր եւ մի՛շտ անժամանցելի պատգամ մը ունին բոլորիս. անոնք իրենց նահատակութեա՛մբ իսկ կոչ կ՛ուղղեն մեզի, որ չկայ աւելի բարձր արժէք՝ քան հայրենի հողն ու անոր վրայ ապրող ժողովուրդին իրաւունքը: Անոնք կը վկայեն, թէ հայրենիքն ու արդարութիւնը սակարկելի չեն, քաղաքական բանակցութիւններն ու կողմնակի հաշիւները չեն կրնար վճռել ճակատագրական հարցեր: Հայ համեստ զինուորը, իր նահատակութեա՛մբ իսկ կ՛ըսէ մեզի, որ Վարդան Մամիկոնեանի «ընդ արութեան վատութիւն մի խառնեսցուք» ազդարարութիւնը զգօնութեան ղօղանջ է բոլորիս:

Յարգանք մեր նահատակներուն,

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ փառաց պսակին արժանացնէ «իմացեալ մահ»ը ընտրողները,

Բարի եւ յաղթական երթ՝ մեր արդար պայքարին,

Դիմադրական անսպառ ուժ եւ կորով մեր քաջարի բանակին,

Կեցցե՛ն Արցախը, Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը:

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Առաջնորդ

Ամերիկայի Միացեալ

Նահանգներու

Արեւմտեան Թեմի

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930