Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին առթիւ, հերոս նահատակներու յիշատակը կ՛ոգեկոչեն հայ ազգային երեք կուսակցութիւններու՝ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր շարքերը, եւ յանուն անոնց, երեք կուսակցութեանց շրջանային ղեկավար մարմինները՝
– Կը խոնարհին հայրենիքի հողի պաշտպանութեան նուիրական առաքելութեան ընթացքին Հայոց Բանակի զոհուած, վիրաւորուած եւ մարտական առաջադրանքները յառաջ տանող զինուորներու սխրանքին առջեւ.
– Կը յայտարարեն իրենց ամբողջական զօրակցութիւնը Հայոց Բանակի հզօրացման ի խնդիր բոլոր նախաձեռնութիւններուն.
– Հայաստանի իշխանութիւններէն կ՛ակնկալեն մեր սահմաններու պաշտպանութեան գործին նուազագոյն վնասն իսկ պատճառող կաշառակերութեան կամ իւրացումներու երեւոյթներուն հանդէպ ցուցաբերել օրէնքի խստագոյն վերաբերում.
– Կը դատապարտեն Ատրպէյճանի իշխանութիւններու յարձակողապաշտ, մարդկային իրաւունքները կոպտօրէն խախտող վարքագիծը.
– Կոչ կ՛ընեն շրջանիս համայն հայութեան միանալու Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան, պետականութեան ամրապնդման ի խնդիր աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն, գործով արտայայտելով մեր յարգանքն ու երախտագիտութիւնը նահատակ եւ այսօր դիրքերու վրայ արթուն հսկող հերոսներուն հանդէպ:
ՍՈՑԻԱԼ ԴԵՄՈԿՐԱՏ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՎԵՐԻՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ