ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».– Երզնկայի մէջ, հող վարելու նպատակով, հողագործներ քանդած են հայկական գերեզմաններ։ Արդարեւ, բնակիչներէն մէկը դաշտին մէջ նկատած է խաչքարեր ու մարդկային ոսկորներ, ապա ահազանգած է պատկան մարմիններուն։ Մշակոյթի վարչութեան պետը նշած է, որ հարցին մասին հետաքննութիւն կ՛իրականացուի։
Տեղացիները պատմած են, թէ այդ հատուածին մէջ հայերու եկեղեցի եւ գերեզմանատուն եղած է, սակայն եկեղեցին քանդուած է եւ մնացած են միայն անոր հիմերը։ Իսկ հայկական գերեզմանատան տարածքին մասին, ապա յայտնի դարձած է, որ անիկա պետական հողատարածք է, որ 49 տարուան համար վարձակալութեան յանձնուած է՝ գիւղատնտեսական նպատակներով։