Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ի շահ որո՞ւն կը գործեն ազգային համաձայնութեան եզրերը. «Ասպարեզ»

Մարտ 28,2017 12:03

Երկար ժամանակէ ի վեր, հայ քաղաքական բեմը դրուած է մղձաւանջային երկուութեան մը առջեւ։ Ինչպէ՞ս վարուիլ երկրի տնտեսութեան լծակները իւրացուցած եւ քաղաքացիներու մեծ զանգուած մը իր տարրական կենսամիջոցներէն զրկած շահագործումի ուժերուն հետ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր եւ անմիջական արտաքին սպառնալիքներ։ Ինչպէ՞ս պայքարիլ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն դէմ, երբ թշնամին կանգած է երկրի սահմաններուն վրայ իր առաջնահերթութիւնը պարտադրելով մեր ազգային օրակարգին։ Եւ ինչպէ՞ս ընտրել այս երկու սպառնալիքներուն միջեւ քաջ գիտնալով, որ երկուքն ալ սուր են եւ դաժան եւ որ վերջին քսանհինգ տարիներու ընթացքին մենաշնորհային համակարգը իր ենթակայութեան տակ առած է ՀՀ պետական մեքենան եւ իր քաղաքական վարքագիծը պարտադրած՝ երկրի քաղաքացիական դաշտի իրականութեան։

Թերեւս ըսուի, որ այս հարցումները դնելն իսկ ըստ էութեան անընդունելի է, երբ նժարի վրայ է երկրի անվտանգութեան խնդիրը։ Հայը միշտ նոյն հայն է իր կորովի հայրենասիրութեամբ եւ իր յանձնառութիւնը հայրենիքին հանդէպ ենթակայ չէ սակարկութեան։ Ամէն ՀՀ քաղաքացի եւ ամէն հայ աշխարհով մէկ պիտի հաւաքագրուի հայրենիքի պաշտպանութեան համար եւ վե՛րջ։ Արտաքին վտանգը կը մերժէ ամէն երկընտրանք եւ մեր ազգային համաձայնութեան (national consensus) եզրերը յստակ են վաղուց։ Եւ անոնք պայմանաւորուած չեն գձուձ մարդոց հաշիւներով, որոնք կը փորձեն աղաւաղել էութիւնը մեր ազգային պայքարին։

Ճիշտ են այս բոլորը։ Եւ սակայն խիստ կարեւոր է, որ մենք ճիշտ հասկնանք, թէ իրական հողի վրայ ինչպէ՞ս կը գոյանան եզրերը այդ ազգային ուխտին եւ ի՞նչ անգիր հասկացողութիւններ կը ղեկավարեն զանոնք։ Որո՞նք են իսկական կողմերը այդ համաձայնութեան։ Ո՞վ եւ ի՞նչ պարտական է որու՞ն, որպէսզի ազգային համաձայնութիւնը ըլլայ ամուր եւ տեւական եւ անխախտելի եւ իրական եւ ճի՛շտ գործէ։ ՀՀ Ազգային Ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան շուտով կիրարկման դաշտ բերելով երկրի նոր սահմանադրութիւնը, ինքնաբերաբար պիտի շղթայազերծեն գործընթաց մը, որուն ապագան դժուար է գուշակել այսօր։ Կ՛ուզեմ միայն յիշեցնել, որ սահմանադրութեան տողերուն մէջ գրուածը հազիւ թէ կը պարփակէ էութիւնը մեր ազգային համաձայնութեան։ Յենուելով սահմանադրութեան տառին եւ արհամարհելով անոր ոգին – որ ոչ այլ ինչ է քան էական խէժը մեր ազգային համաձայնութեան – կարելի չէ հասնիլ համակարգային փոփոխութեան։ Ոչ ոք իրաւունք ունի սահմանադրութիւնը խաբկանքի եւ խաբէութեան վերածելու։ Կարեւոր է, որ մենք ազգովին եւ այժմէն իսկ սկսինք կարդալ սահմանադրութեան չգրուած տողերը…կարեւոր է, որ սկսինք գրե՛լ զանոնք կեանքի անկեղծ ձեռագրով որպէսզի կարողանանք կանխել վաղուան թիւրիմացութիւնները եւ ճամբայ հարթենք դէպի վաղուան մարտահրաւէրները։

 

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»ի կայքում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031