Մինչ Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած պղտոր վիճակը կը շարունակուի, Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեան Մարտ 24-ին լուսաբանութիւն մը ուղարկեց պոլսահայ մամուլին՝ Քէօլնէն։ Նորին Սրբազնութիւնը այդ լուսաբանութիւնը հրապարակեց թէ՛ մամուլին համար եւ թէ հանրութեան ուշադրութեան ներկայացնելու առաջադրութեամբ։ Ըստ պոլսահայ Jamanak.com-ին՝ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի լուսաբանութեան մէջ նշուած է հետեւեալը.
Սիրելիներ,
Պատրիարքական տեղապահ ընտրուելէ քանի մը օր վերջ Գերմանիա վերադարձս կարգ մը հարցումներ յառաջացուցած է մամուլին եւ հանրութեան մէջ։ Այս առթիւ կը փափաքիմ մամլոյ միջոցաւ մեր հանրութեան փոխանցել հետեւեալը.
1.- Տեղապահական ընտրութիւններէն առաջ բնականաբար չէի կրնար արդէն գիտնալ, թէ տեղապահ պիտի ընտրուիմ։ Հետեւաբար, ընտրութիւններու առիթով ես Իսթանպուլ եկած էի միայն քանի մը օրուան համար։
2.- Տեղապահ ընտրուելէ զատ, ես եմ ու կը մնամ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը։ Թեմին մէջ ունիմ լիազօր փոխանորդ մը, այնուհանդերձ կային եւ կան նախապէս ճշդուած առաջնորդական, միջեկեղեցական եւ անձնական կարգ մը ժամադրութիւններ, որոնք իմ կողմէս պէտք է յարգուին եւ պայման է անոնց անձնական ներկայութիւնս։ Այդ պատճառով ալ ստիպուեցայ տեղապահական ընտրութիւններէն քանի մը օր ետք Գերմանիա վերադառնալ։
3.- Եկեղեցական մեր կանոններուն համաձայն եւ ընկալեալ սովորութեամբ, երբ պատրիարք, տեղապահ կամ առաջնորդ մը որոշ ժամանակի համար կը բացակայի իր քաղաքէն, կը նշանակէ փոխանորդ մը, որ իր բացակայութեան կը փոխարինէ զինքը ու կը ստանձնէ որոշակի պարտականութիւններ։ Սահակ Սրբազանի իմ կողմէ տեղապահի փոխանորդ նշանակուիլը պէտք է տեսնել եւ հասկնալ այս լոյսին ներքեւ։
4.- Ես յառաջիկայ օրերուն պիտի վերադառնամ Իսթանպուլ եւ պիտի վերստանձնեմ տեղապահական իմ պարտաւորութիւններս՝ բնակութիւն հաստատելով Պատրիարքարանին մէջ։ Այս մասին գրաւոր տեղեակ պիտի պահեմ նաեւ Արամ եւ Սահակ սրբազանները։