2 Ապրիլ 2017-ի խորհրդարանական (Ազգային Ժողովի) ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ, եզակի առիթ են, որպէսզի հայրենաբնակ մեր ազգի զաւակները աւելի արդար ու ժողովրդավար սկզբունքներով մեր հայրենիքի կառոյցները ամրապնդեն:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այս ընտրութեան կը մասնակցի «Նոր Սկիզբ, Արդար Հայաստան» կարգախօսով, որ լաւագոյն ձեւով կրնայ թարգմանը հանդիսանալ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդի մտայնութեան ու ձգտումին:
Մենք՝ որպէս ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ լայն փորձառութիւն ունինք խորհրդարանական համակարգի դրութեան գծով, որովհետեւ մեր ապրած երկիրը՝ Աւստրալիան կը կառավարուի խորհրդարանական համակարգով, ուր կարելի չէ ոչ մէկ կամայական ու անհատական որոշումներ առնել: Այս դրութեան որդեգրումով, այսօր Աւստրալիան դարձած է, թերեւս աշխարհի ամենաժողովրդավար երկիրներէն մէկը:
Վայելելով այս դրութեան բարիքները, մենք մեծ գոհունակութեամբ կը մօտենանք այս ընտրութիւններուն եւ վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդը եւս խոր հասկացողութեամբ պիտի մօտենայ այս ընտրութիւններուն, որուն որպէս արդիւնք Հայաստանը վերջապէս պիտի թօթափէ կիսա-նախագահական կեդրոնացեալ համակարգը ու քայլեր առնէ խորհրդարանական հաւաքական կամք արտայայտող համակարգ ստեղծելու ուղղութեամբ:
100 տարիներ առաջ ունեցանք առիթը նման համակարգով առաջնորդուելու, սակայն քաղաքական պայմանները թոյլ չտուին որ զայն կարենանք պահել: Այսօր վերստին ունինք առիթը շնորհիւ Դաշնակցութեան: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը այդ դրութեան ջատագովն է, հետեւաբար Հայաստանաբնակ հայրենակիցնե’ր, քուէարկեցէ’ք Դաշնակցութեան օգտին, որպէսզի իրականանան ձեր բաղձանքները:
127-ամեայ Հ.Յ.Դաշնակցութեան բովանդակ գործունէութիւնը եղած է պայքար իրաւական աւելի արդար կարգեր հաստատելու ուղղութեամբ:
Ինչպէս մեր կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրը կը հաստատէ, մենք կը հաւատանք, որ ձեւաւորուող նոր խորհրդարանին մէջ որքան ուժեղ ներկայութիւն ըլլայ Դաշնակցութիւնը, այնքան կայուն, բարգաւաճ ու խաղաղ կը դառնայ Հայաստանը, հետեւաբար համախմբենք մեր ճիգերը, դրսեւորենք կամք ու վճռակամութիւն ամրապնդելու Հայաստանի ժողովրդավարական հիմքերը եւ Հայաստանը դարձնելու միջազգային առումով, մարդկային արդար իրաւունքներու վրայ հիմնուած ժողովրդավար երկիր մը, որ լաւագոյն օրինակը կրնայ դառնալ ազգերու մեծ ընտանիքին:
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
24 Մարտ, 2017