Թուրքիոյ քրտական «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» (HDP) կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը Twitter-ի իր էջին արձանագրութիւն կատարելով՝ արձագանգած է նախագահ Էրտողանի եւրոպացիներուն ուղղուած սպառնալիքին:
«Ասիկա սպառնալիք էր եւրոպացիներուն: Զբօսաշրջիկը չի գար երկիր մը, ուր կը սպառնան իրեն: Փողոցներն ալ մեզի կը մնան: Ապրիս»,- գրած է Կարօ Փայլան:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահը յայտարարած էր, որ եթէ Եւրոպան նոյն ձեւով շարունակէ, աշխարհի որեւէ երկրի մէջ եւրոպացին չի կրնար հանգիստ փողոց ելլել: