ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Կոչին Ընդառաջ
Մեր սիրելի Հայրենիքի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական պայմանները գաղտնիք չեն մեզի համար, միեւնոյն ժամանակ բոլորս վկայ ենք, որ հակառակ իր երիտասարդ տարիքին՝ Հայաստանի Հանրապետութինը տարուէ տարի կ՛արձանագրէ յառաջխաղացք եւ զարգացում, որ անզուգական երեւոյթ է նման աշխարհագրական դիրք, դրացիներ ու պատերազմական իրավիճակ ունեցող երկրի մը համար:
Ինչպէս կը յուշէ օրեր առաջ արձակուած Հայոց Վարչապետին կոչը, այսօր՝ աւելի քան երբեք՝ Հայրենիքը պէտք ունի Սփիւռքին: Այսօր՝ աւելի քան երբեք՝ կենսական է Սփիւռքի ուժականութիւնը, փորձառութիւնն ու ներդրումը՝ ի խնդիր Հայրենիքի զարգացման:
Կարդացեք նաև
Որքա՜ն իրաւացի է Պրն. Կարապետեանը, երբ կը շեշտէ, թէ Հայոց համար ամենալաւ երկիրը Հայաստանն է, այնքան կարեւոր է զայն իրողապէս ամենալաւը դարձնելը: Բան մը, որ համայն հայութեան պարտականութիւնն է:
Վարչապետին քաջութիւնը խոստովանելու, թէ կան պետական մակարդակի գործուած սխալներ եւ բացթողումներ, արդար պետական մարդու արժանիք է, որոնք նուազագոյնի իջեցնելու համար, ըստ մեզի չափազանց կարեւոր է նաեւ ունենալ տեսլապաշտ պատասխանատուներ՝ մշակելու համապատասխան ծրագիրներ։ Բան մը, որ պետական մարդոց առաքելութիւնն է:
Որքա՜ն կարեւոր է Հայրենի ժողովուրդին մէջ փոխել Սփիւռքահայու հանդէպ ունեցած «նիւթականի աղբիւր» պատկերացումը, նոյնքան կարեւոր է չէզոքացնել սփիւռքահայերու ունեցած նախապաշարումներն ու վստահութեան պակասը՝ հանդէպ Հայրենի ժողովուրդին: Բան մը, որ երկկողմանի պատասխանատուութիւն է:
Իրապաշտ եւ ողջամիտ է Պրն. Կարապետեան, երբ իր կոչին մէջ կը խօսի Սփիւռքահայ մշակոյթի կարեւորութեան եւ անոր Հայաստան ներմուծումի անհրաժեշտութեան մասին: Այս ուղղութեամբ՝ Ռամկավար Ազատականներս կը հաւատանք, որ այդ մշակոյթի ներածումի փափաքը պէտք չէ սահմանափակուի տնտեսութեան բնագաւառին մէջ, այլ կենսական է, որ տարածուի քաղաքական եւ հասարակական կեանքի տնօրինման դաշտերուն մէջ եւս: Ամէն պարագայի՝ մենք կը ձայնակցինք յարգելի Վարչապետին կոչին՝ հրաւիրելով իւրաքանչիւր սփիւռքահայ գործարար ներդրում ընելու Հայրենիքի մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, մեզի համար կարեւոր է տեսնել նաեւ Հայրենի դրամատէրերու մեծաթիւ ներդրումը Հայաստանի մէջ, իբրեւ խթան եւ վստահութիւն ներշնչող լաւագոյն օրինակ: Մինչ այդ, մեր փափաքն է, որ մեր ժողովուրդի կարգ մը զաւակները հրաժարին վայբերանութենէ եւ ունենան դրական կեցուածք՝ հանդէպ Հայրենիքի իրագործումներուն՝ տեսնելով նաեւ գաւաթին լեցուն մասը:
Իր տեսակին մէջ աննախադէպ է յարգելի Վարչապետին կոչը եւ մեծապէս ողջունելի: Մենք մեծ վստահութիւն ունինք իր անձին արժանիքներուն հանդէպ: Մեր փափաքն է, սակայն, որ այս յոյժ կարեւոր կոչը շրջանձելով անձնական մակարդակը՝ գործնականանայ ու վերածուի հաստատութենական (institutionalized) մշակոյթի եւ տրամաբանութեան:
Յուսադրող այս կոչին լոյսին տակ՝ կը մնանք պատրաստակամօրէն գործակից եւ լաւատես:
Ի Դիմաց՝
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
Սեւակ Յակոբեան Սերխիօ Նահապետեան
Ատենադպիր Ատենապետ
17 Մարտ 2017
Խե՜ղճ ռամիկներ, կոչերի կարո՞տ եք մնացել…