Աչքի առջեւ ունենալով Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, պարզ աչքով իսկ տեսանելի է այն «տիեզերական» ճշմարտութիւնը, որ միայն ՀՅ Դաշնակցութիւնն է, որուն մշակած առաջադրանքները ունին գաղափարական հենք: Միայն Դաշնակցութիւնն է, որ ունի գաղափարներ: Ինչպէս մեր նախորդ յօդուածով ըսած էինք, ՀՅ Դաշնակցութեան մշակած ու հանրութեան ներկայացուցած ընտրական ծրագիրին մէջ (Փլաթֆորմ) խոստումներ չկան, մանաւանդ՝ չակերտաւոր «խոստում» (այսինքն, մաքուր հայերէնով՝ կեղծիք), բան մը որ առատօրէն կարելի է գտնել իր մրցակիցներու պարագային:
Մինչդեռ ՀՅԴի հիմնական մրցակիցները, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, ոչ գաղափարական սկզբունքներ ունին, ոչ ալ հիմնաւորուած առաջարկներ: Այլ, ունին առատ, շլացուցիչ ու մանաւանդ՝ անիրականանալի խոստումներ: Օրինակի համար՝ «Ժողովուրդ ջան, Հայաստանի ընդերքը լեցուն է գազով ու քարիւղով»… Այս բոլորին կողքին նաեւ՝ առատ դրամական միջոցներ, որոնք կը գործածուին ոչ միայն ընտրական քարոզչութեան առնչուող անխուսափելի ծախսերուն, այլեւ մանաւանդ՝ ընտրողներուն քուէները գնելու, ընտրակաշառքի համար: Այս ձեւով (այսինքն ընտրակաշառքով), խնդրոյ ա-ռարկայ կողմերը կը շարունակեն ապականել Հայաստանի քաղաքական դաշտը, կը բարոյազրկեն մեր ժողովուրդը ու կը խեղաթիւրեն անոր նկարագիրը ու այս ձեւով ալ՝ կը խորտակեն Հայաստանի անկախ պետականութեան հիմքերը: Ի վերջոյ, ժողովուրդն է պետականութեան մը խարիսխը:
Իսկ վերջին տարիներուն երկրին ղեկը իրենց ձեռքին պահած կողմը, իր կարգին, ընտրական շլացուցիչ եւ բարձրորակ տեսահոլովակներով ժողովուրդին կը խոստանայ այնպիսի Հայաստան մը, ուր նոյնիսկ սկանտինաւիացին պիտի ուզէր ապրիլ…։ Է ընէիք, ինչո՞ւ չըրիք: Ո՞վ արգիլեց, ո՞վ ձեր ձեռքը բռնեց, ո՞վ ձեր խոփին քար դրաւ: Այս հարցումները հռետորական չեն, այլ իրենց թելադրանքը կը ստանան Հայաստանի մէջ պարզուած ընկերային-տնտեսական ու այլ բնագաւառներու մէջ պարզուած անընդունելի վիճակէն:
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք սկզբնաղբյուր կայքում
Սերժին կողմ ըլլալով` “գաղափարական” կ՚ըլլանք:
Ի՞նչ է սա վերջին anectode-՞ն է՝ յարգելի Պրն. Բրուտեան: Դուք ամերիկաները նստած` անձամբ կը հաւատա՞ք ձեր գրածին: Սերժէն մի քանի աթոռ աւելի պոկելու կռիւ չէ՛` գաղափարակա՞ն կռիւ է, ուրեմն: հը՜մմմմ…