Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք․ Աթէշեան չի պատրաստուիր հրաժարական տալու իր պաշտօնէն:
Մարտ 15-ին տեղի ունեցան պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւններ, որուն յաղթեց Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք․ Պեքճեան: Ըստ Փետրուարի վերջը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդուուած պայմանաւորուածութեան` տեղապահի ընտրութիւններէն ետք փոխանորդը պէտք է հրաժարական տար:
Աթէշեանի` հրաժարական չներկայացնելու համար առիթ դարձած է Սթամպուլի նահանգապետարանի միջամտութիւնը: Տեղապահի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Աթէշեան ներկաներուն յանձնած է Սթամպուլի նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր կը նշուի, որ պատրիարքի ընտրութիւններ իրականացնելը իրաւականօրէն հնարաւոր չէ:
Ստեղծուած իրավիճակի շուրջ «Ակօս» շաբաթաթերթը զրուցած է Աթէշեանի հետ: Ան յայտնած է, որ նահանգապետարանի միջամտութեան վերաբերեալ պատրիարքարանը յայտարարութիւն պիտի չընէ: Տեղապահ ընտրուած արք․ Պեքճեանի եւ կրօնական խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպս․ Մաշալանի դիտարկաման, թէ Աթէշեանի` պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելու պարագային խնդիրը կը հանգուցալուծուի, Աթէշեան պատասխանած է. «Հրաժարական տալու մտադրութիւն չունիմ»:
Արքեպիսկոպոսը յայտնած է, որ հրաժարական կու տայ «Յովակիմ 1461» հիմնադրամի նախագահի պաշտօնէն` նշելով. «Այս հիմնադրամը ես ստեղծած էի հոգեւորականներուն օգնելու համար: Սակայն չափէն շատ բամբասանքներ կան: Այդ պատճառով ալ հրաժարական կու տամ»: