ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւորներ Կարօ Փայլան եւ Սելինա Տողան անդրադարձած են Պոլսոյ նահանգապետարանին կողմէ Հայոց պատրիարքարան ուղարկուած գրութեան, ուր պետութիւնը կը միջամտէ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին:
Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը (HDP) ներկայացնող Փայլան, կատարուածը բնորոշած է «յեղաշրջում» բառով: Ան նշած է, որ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանը պատրիարքարանը ղեկավարած է որպէս հոգաբարձու (պետութեան կողմէ նշանակուած անձ): Այժմ իր պաշտօնը շարունակելու համար, իշխանութեան այն հատուածին հետ, որուն հետ կապի մէջ եղած է, յեղաշրջում ըրած է: «Մենք սա չենք ընդունիր, պէտք չէ՛ ընդունինք: Տեղապահի ընտրութիւն կայացած է, երկու թեկնածուներէն մէկը յաղթած է: Բոլորս պէտք է յաղթողը շնորհաւորենք եւ արագացնենք պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքները»:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում