Agos. Իսթանպուլի Կուսակալութիւնը միջամտեց տեղապահի ընտրութեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի հոգեւորականները նախապէս ճշդուած օրակարգով 15 Մարտ Չորեքշաբթի ժամը 15.00-ին ժողով գումարեցին պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու պաշտօնով տեղապահ ընտրելու համար։ Ինչպէս ծանօթ է 24 եւ 25 Փետրուարին Ս. Էջմիածնի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ եւ Պոլսոյ թեմի երեք եպիսկոպոսներու մասնակցութեամբ կատարուած խորհրդակցական ժողովին համաձայնութիւն գոյացած էր շուտափոյթ կերպով տեղապահ մը ընտրելու շուրջ։ Ընտրութեան թուականն ալ ճշդուած էր այդ նոյն ժողովի ընթացքին։ Տեղապահի համար որոշուած էր երեք եպիսկոպոսներու թեկնածութիւնը։ Սակայն ընտրութեան նախորդող օր «Ակօս»ին տուած յայտարարութիւնով Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան յայտնեց թէ իր թեկնածութիւնը ետ կ՚առնէ ի նպաստ Գերմանիոյ Հայոց Առաջնորդ Գարեգին Պէքճեան Սրբազանի։ Կայացած օր ու ժամուն սկսող ժողովի արդիւնքին ժողովական 34 հոգեւորականներէ 23-ը քուէարկեցին ի նպաստ Գարեգին Արք. Պէքճեանի։ Իսկ 11 ձայներ ալ զօրակցեցան Արամ Եպիսկոպոսին։ Սակայն ընտրութեան աւարտին տեղի ունեցաւ բոլորովին անսպասելի զարգացում մը։ Ընտրութեան կատարուած դահլիճէն բաւական ջղայնոտ կերպով դուրս ելլող Արամ Եպիսկոպոս նախ դուրսը սպասողներուն յայտնեց թէ Պէքճեան Սրբազան ընտրուած է։ Հազիւ քանի մը վայրկեան անց դուրս ելաւ իր քիչ առաջ մտած սենեակէն, ուր ձեռքին կը շարժէր փաստաթուղթ մը։ Կուսակալութեան կնիքը կրող այդ փաստաթուղթը կը յայտնէ թէ օրինական կերպով անկարելի է ընտրութեան գործընթացի մեկնարկումը։ Կուսակալի Տեղակալ Ազիզ Մերճանի ստորագրութիւնով գրութեան մէջ կ՚ըսուէր հետեւեալը՝ «գրաւոր եւ տեսլական մամուլի մէջ լոյս տեսնող լրատուութիւններով յայտնի կը դառնայ թէ 15 Մարտ 2017-ին պիտի կայանայ տեղապահի ընտրութիւն։ Այսպէսով գործնականապէս պիտի կայանայ պատրիարքական ընտրութեան առաջին հանգրուանը։ Նախապէս 16 Փետրուար 2017-ին Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած ժողովի պահուն կատարուած անցանկալի դէպքերը նկատի առնելով համայնքային անդորրը պահելու եւ պառակտումները կանխելու համար կը նշենք որ այժմու պատրիարքական փոխանորդը կը շարունակէ իր պաշտօնին եւ պատրիարքի ընտրութեան հետ առնչուած աւանդութիւններուն համաձայն այս պայմաններուն մէջ անկարելի է պատրիարքի ընտրութեան գործադրութիւնը»։ Այս նոր զարգացումէն ։ետք երեք սրբազանները եւ հոգեւորականաց դասը դարձեալ ժողովասրահ անցան եւ քննարկեցին այս վերջին զարգացումը։ Ժողովի սրահէն պոռչտուքները կը հասնէին դուրս։
Աւելի վերջ յայտնի դարձաւ որ ընթերցուած է Կուսակալութենէ եկած գրութիւնը։ Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան առարկած է այս միջամտութեան դէմ եւ գոռացած է ըսելով որ «մեր հաւատքի աշխարհին միջամտելու իրաւունք չունին։ Ընտրութիւնը կայացած է եւ Պէքճեան Սրբազան տեղապահ ընտրուած»։ Ապա դառնալով փոխանորդ Արամ Սրբազանին շարունակեց ըսել՝ «ձեզի կը վիճակի պետութեան դիմել եւ ըսել որ ժողովական հայրերու որոշումը յստակ է եւ Պէքճեան Սրբազան տեղապահ է»։ Դարձեալ ըստ լսումներու Աթէշեան Սրբազան այս դիտողութիւններուն փոխադարձած է ըսելով որ՝ «եթէ ժամադրութիւն տան կ՚երթամ»։ Այս ընթացքին մէջ է որ ժողովի մասնակից հոգեւորականները հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն, իսկ երեք սրբազաններ դարձեալ մէկտեղուեցան Արամ Սրբազանի սենեակին մէջ եւ անգամ մը եւս քննարկեցին խնդիրը։ Այս երկրորդ հանդիպումէն ետք որեւէ յայտարարութիւն մը չի կատարուեցաւ եւ եպիսկոպոսները Պատրիարքարանէն ղրկուեցան։ Ելքին դարձեալ տեղապահ ընտրուած Գարեգին Սրբազանն էր որ սպասողներուն բացատրութիւններ տուաւ ըսելով որ Արամ եւ Սահակ Սրբազանները Կուսակալութիւն պիտի երթան ու պիտի բացատրեն տեղապահի ընտրութեան տրամաբանութիւնը։
Նշենք որ այս զարգացումներուն տեղի ունեցած նախորդ օր 14 Մարտ Երեքշաբթի կարգ մը թաղական խորհուրդներու մասնակցութեամբ ժողով մը գումարուած էր պատրիարքարանի մէջ եւ ըստ լսումներու Արամ Սրբազան իրենց յայտնած էր թէ Կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ յաջորդ օրուայ ժողովին։ Սակայն ժողովականները անդրդուելի մնացած էին իրենց որոշումին մէջ ըսելով թէ անպայման պիտի կայանայ Կաթողիկոսի թելադրած որոշումը։
Այս զարգացումներէն ետք զանազաններ իրենց կարծիքը փոխանցեցին ըսելով որ կարելի չէ ընդունիլ այս միջամտութիւնը։ Պետութիւնը չի կրնար միջամտել եկեղեցական կարգ ու կանոնին։
Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոցի Հոգաբարձութեան ատենապետը Պետրոս Շիրինօղլու դարձեալ մեղադրեց ժողովուրդը ըսելով որ անհամբեր գտնուած են եւ խնդիրը դժուարացուցած։ «Հանրապետութեան Նախագահի հետ իմ հանդիպման ժամանակ խորհուրդ տուած էր որ կանոնագիր մը պատրաստենք ու ապա դիմենք։ Պետութիւնը նախապատուութիւններ ունի։ Խոստացած էր հանրաքուէէն ետք անձամբ զբաղիլ այս խնդիրով։ Սակայն մենք անհամբեր գտնուեցանք։ Եղածը շատ երկար ժամանակահատուած մը չէր։ Ընդամէնը երեք ամիսի մասին է խօսքը։ Ճիշդ չէ թեկնածուներէն մէկուն վրայ համաձայնիլ եւ միւսները գործընթացէն դուրս թողուլ։ Ընտրութիւնը պէտք է արդար ըլլայ։ Ես ոչ Աթէշեանի, ոչ ալ Պէքճեանի հաշւոյն կը խօսիմ։ Այսօր Աթէշեանը ընտրութիւնը կորսնցուցած է։ Բայց եթէ այս նոյն ընտրութիւնը երեք թեկնածուներով անցնէր ինք էր որ պիտի շահէր։ Եթէ Աթէշեան շահէր այդ նամակը չէր երթար։ Պետութիւնը այս միջամտութիւնը ընելու ժամանակ նկատի ունեցած է նաեւ հաւանական հակազդեցութիւնները»։
Հոգաբարձութեան ատենապետը անդրադարձաւ նաեւ վերջերս հիմնուած Յովակիմ Հիմնադրամի նիւթին։ Ան ամբողջովին սխալ քայլ մը համարեց այդ հիմնադրամի հաստատումը։ «Պէյքոզի հողատարածքին համար շատ բարձր գումարով համաձայնութիւն մը կնքուած է։ Նախ համաձայնուած է 20 տոկոսի վրայ եւ ապա այդ 20 տոկոսը զեղչուած է 14 տոկոսի։ Ես այս մասին խօսեցայ նախագահին հետ, որ ինքն ալ հաստատեց թէ շատ բարձր գումար մըն է խոստացուածը։ Պէտք է շուտով լուծուի Յովակիմ հիմնադրամը։ Ան մեր աւանդական հիմնարկներու օրինակով չէ կազմուած։ Պէտք է շուտափոյթ կերպով դուրս գալ այդ սխալ կարգադրութենէն։ Ապա թէ ոչ համայնքն է որ պիտի տուժէ։ Պատրիարքարանը պէտք չէ միջամուխ ըլլայ դրամական խնդիրներու» ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։
Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Թորոս Ալքան յատկապէս դժգոհութիւն յայտնեց Կուսակալութեան գրութեան մէջ 16 Փետրուարի ժողովին ուղղեալ մեղադրանքներուն համար։ «Հայերը այդ ժողովին մասնակցելով ոչ թէ դժգոհութեան պատճառ եղան, այլ ընդհակառակը խնդրին լուծման համար կամք ներկայացուցին։ Դժգոհութեան պատճառը նոյնինքն պատրիարքի բացակայութիւնն է, այլ ոչ թէ այդ բացակայութեան վերջ տալու համար կատարուած ջանքերը»։
Միւս կողմէ պոլսահայ երիտասարդութեան քաղաքական կամքը ցոլացնող Նոր Զարթօնք շարժումն ալ հրապարակած յայտարարութիւնով մեղադրեց Կուսակալութեան միջամտութիւնը։ Նոր Զարթօնք յայտարարութեան աւարտին խնդրին խաղաղօրէն լուծման համար անյապաղ կերպով հրաժարման հրաւիրեց Արամ Սրբազան Աթէշեանը։