Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2017-ին, Դամասկոսի ալ Համիտիյէ շրջանին մէջ գտնուող արդարադատութեան պալատի հին կեդրոնին եւ Ռապուէ շըրջանին մէջ գտնուող ճաշարանի մը մէջ ականապատուած երկու մահապարտ ահաբեկիչներ իրենք զիրենք պայթեցուցին: Արձանագրուեցաւ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Դամասկոսի ոստիկանութիւնը ՍԱՆԱ-ին յայտնեց. «Չորեքշաբթի, 15 Մարտ 2017-ին ականապատուած մահապարտ ահաբեկիչ մը ինքզինք պայթեցուց ալ Համիտիյէ շրջանին մէջ գտնուող արդարադատութեան պալատի հին կեդրոնին մէջ»:
Աղբիւրը նշեց, թէ մահապարտ ահաբեկիչը զինուորական զգեստ հագած էր եւ կը կրէր ռումբ ու զէնք:
Նոյն օրը, ահաբեկչական նման արարք մըն ալ տեղի ունեցաւ Դամասկոսի Ռապուէ շրջանին մէջ գտնուող ճաշարանի մը մէջ, ուր ականապատուած մահապարտ ահաբեկիչ մը ինքզինք պայթեցուց, պատճառ դառնալով մեծաթիւ քաղաքացիներու սպանութեան:
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում