Եւրոխորհրդարանի անդամ եւ Արցախի հետ բարեկամութեան խմբակի ղեկավար Ֆրանք Էնկել նամակով մը դիմած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի Արտաքին եւ միջխորհրդարանական յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սամետ Սէյիտովին, «Եուրոնեսթ»ի մէջ Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Ֆուատ Մուրատովին եւ Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Ճաւանշիր Ֆեզիեւին, որոնք Արցախ այցելած Էնկելին եւ այլ եւրոխորհրդարանականներու դէմ Պաքուին սկսած միջազգային հետախուզութեան գծով նամակ մը յղած էին Եւրոմիութեան կառոյցներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթը։
Ստորեւ՝ Էնկելի նամակէն ուշագրաւ հատուածներ.
«Պարոնա՛յք, դուք կը կարծէք, որ տեղին է մեղադրել Եւրոխորհրդարանի երեք ներկայացուցիչները՝ այն պարզ պատճառով, որ անոնք այցելած են Ղարաբաղ:
Նախ, պէտք է յայտարարեմ, որ կտրականապէս կը հերքեմ Մարտ 2, 2017 թուագրուած ձեր նամակին մէջ ներկայացուած պնդումներն ու բացարձակ անհիմն մեղադրանքները:
Ատրպէյճանցի եւ հայ զինուորները սահմանին վրայ կը մահանան՝ հոն հրահրուող պատերազմին եւ ոչ թէ խորհրդարանականներու կողմէ այդ տարածք այցելելուն իբրեւ հետեւանք: Անոնք կը մահանան, որովհետեւ մէկը չի յարգեր հրադադարը, որ պէտք էր յարգուէր 1994ի Մայիս 12էն սկսեալ: Անոնք կը մահանան, որովհետեւ կայ մէկը, որ կը մերժէ հրադադարի պահպանման համար դէտեր տեղադրելու ԵԱՀԿի ջանքերը:
Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղ այցերուն, ապա միջազգային իրաւական որեւէ փաստաթուղթի մէջ չկայ որեւէ նշում այն մասին, թէ վիճարկելի տարածքներ կարելի չէ այցելել:
Միջազգային իրաւունքի որեւէ սկզբունք չ՛արգիլեր նման այցեր: Որեւէ երկիր՝ Ատրպէյճանէն բացի, չի կրնար երեւակայել նման սկզբունքի մը գոյութեան մասին: Եւրոխորհրդարանը 2012ի Ապրիլ 18ին վաւերացուցած իր բանաձեւով, բաւական պարզ կերպով սահմանած է, որ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչներու Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից գրաւեալ շրջաններ անսահմանափակ մուտքը անհրաժեշտութի՛ւն է:
Դուք պիտի չյաջողի՛ք, որովհետեւ եթէ մենք ենթարկուինք ձեր կամքին, ապա գիտակցաբար դէմ գալով բարոյական սկզբունքներուն եւ եւրոպական արժէքներուն՝ պիտի համաձայնինք մեկուսացնել Ղարաբաղի ժողովուրդը արտաքին աշխարհէն ու պիտի նպաստենք ձեր անդադար ջանքերուն՝ ճնշելու անոնց քաղաքական կամքի արտայայտութիւնը: Մենք այդպիսով նաեւ նպաստած պիտի ըլլանք Ղարաբաղի ժողովուրդը մոռացութեան տալու, լքելու եւ անոր գոյութիւն ունենալու իրաւունքը մերժելու ջանքերուն: Մենք այդ մէկը չե՛նք կրնար ընել:
Ես աչք չեմ փակեր այն տառապանքին դիմաց, զոր պատերազմն ու ներքին տեղահանումները պատճառած են Ատրպէյճանի ժողովուրդին: Սակայն այդ տառապանքը բուժելու համար, 1992-1994 տարիներու պատերազմը՝ իր խաղաղութեան համաձայնագիրով, պէտք էր յանգեցնէր յստակ եզրի, այլ ոչ թէ յաջորդ պատերազմի մը նախապատրաստութեան: Դուք յամառօրէն կը շարունակէք զիս եւ Ղարաբաղի հարցին մէջ ներգրաւուած իմ գործընկերները նկատել յանցագործներ: Այս հանգամանքներուն մէջ դուք պէտք է ընդունիք, որ ես եւ Եւրոպական ու ազգային խորհրդարաններու բազմաթիւ գործընկերներս, որոնց հետ նոյնպէս կը վերաբերիք, պէտք է ձեր եւ ձեր իշխանութիւններու վարքագիծին վրայ պատշաճ ուշադրութիւն հրաւիրեն: Սա՛ է միակ ճանապարհը պաշտպանելու համար մեզ՝ ձեր կամայական սպառնալիքներէն»: