Akunq.net-ը գիտական շրջանառութեան մէջ կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ Օսմանեան կայսրութեան ներքին գործոց նախարար Թալէաթ փաշայի` 1916-ի Յուլիս 15-ին Հալէպի նահանգապետարան յղած հեռագիրին պատճէնը եւ ատոր հայերէն թարգմանութիւնը:
Հեռագիրին մէջ կը հրահանգուի բոլոր հայերը` կիները ներառեալ, պահել աքսորավայրերու մէջ եւ ոչ մէկ արտօնագիր չտալ, որով հնարաւոր ըլլայ անոնց` այլ վայրեր տեղափոխուիլը: Հրահանգը կը վերաբերի նոյնիսկ իսլամ ընտանիքներու մէջ ապրող հայերուն:
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ սոյն փաստաթուղթը օսմանեան արխիւէն գտած, թարգմանած եւ կեդրոնին տրամադրած ամերիկաբնակ պոլսահայ ուսումնասիրող Գէորգ Յակոբեանին: