ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, Մարտ 11ի երեկոյեան, աւելի քան 400 հայորդիներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ Ֆրեզնոյի նորոգուած Հայ կեդրոնի վերաբացումը, եւ այս առիթով կեդրոնը մկրտուեցաւ «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան Հայկական Մշակութային Կեդրոն» անունով, իբրեւ երախտագիտութիւն ամոլին կատարած առատաձեռն նուիրատուութեան։
Արարողութեան ներկայ էին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նուիրատու ամոլը եւ համայնքային ղեկավարներ։
Կարօ Կիւրեղեան զաւակն է «Ասպարէզ»ի խմբագիրներէն Մելիք-Շահի։ Կարօ Կիւրեղեան եւ կինը՝ Ալիսը, 2014ին որոշած են Ֆրեզնոյի Հայ կեդրոնին՝ նախապէս «Ասպարէզ» կեդրոնին, 300,000 տոլար նուիրել: Գումարին մէկ մասը յատկացուեցաւ յոյժ հարկաւոր վերանորոգութեան ծրագիրին, իսկ մնացեալը պահ դրուեցաւ՝ կեդրոնի ապագայ ծախսերուն գործածուելու համար։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում