Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Ոչնչացնելու Մտադրութիւն» (Intent to Destroy) խորագիրով վաւերագրական ֆիլմը, որուն հեղինակն է ամերիկեան հեղինակաւոր «Էմմի» մրցանակի դափնեկիր, յայտնի վաւերագրող Ճօ Պերլինկըր, առաջին անգամ պիտի ցուցադրուի Նիւ Եորքի «Թրայպեքա» (Tribeca FilmFestival) փառատօնին:
«Պերլինկըր՝ «Խոստումը» ֆիլմի նիւթին հիման վրայ, կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան ու անոր ռազմավարական գործընկերներուն մասին», կը յայտնէ 168.am-ը՝ վկայակոչելով ամերիկեան Entertainment Weekly պարբերականը:
Կը նշուի, որ ֆիլմի ցուցադրութենէն ետք տեղի պիտի ունենայ նաեւ քննարկում վաւերագրական ֆիլմի հեղինակին հետ։ Քննարկման պիտի կը մասնակցին նաեւ System of A Down ռոք խումբի երգիչ Սերժ Թանքեան, «Խոստումը» ֆիլմի արտադրող Էրիք Իսրայէլեան եւ «Փուլիցըր» մրցանակի դափնեկիր Փիթըր Պալաքեան:
«Թրայպեքա» փառատօնի հիմը դրուած է 2002ին յայտնի դերասան Ռապըրթ տէ Նիրոյի կողմէ:
Փառատօնը այս տարի պիտի սկսի Ապրիլ 18ին, Նիւ Եորքի մէջ, եւ պիտի տեւէ մինչեւ ամսուան վերջը: