Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Եթէ Հայաստանի պետութիւնը ուզէր խառնուիլ Սփիւռքի ղեկավարման գործին, ի՞նչ հակազդեցութեան պիտի արժանանար. «Ասպարեզ»

Մարտ 11,2017 12:06

Հայաստանի անկախացումով յոյս կար, որ Սփիւռքի կազմակերպումը որակական ոստում պիտի արձանագրէր։

Այդպէս չեղա՛ւ ընդհանրապէս: Ո՛չ մեր անկախ պետութեան աջակցութեամբ, ո՛չ ալ սփիւռքեան նախաձեռնութիւններով որակական բարելաւման նշաններ տեսնուեցան:

Չեմ գիտեր՝ եթէ Հայաստանի պետութիւնը ուզէր ուղղակի կամ անուղղակի  միջամտութիւններով խառնուիլ Սփիւռքի ղեկավարման գործին, ի՞նչ հակազդեցութեան պիտի արժանանար… Հաւանաբար՝ ուժեղ ընդդիմութիւն ստեղծուէր. եւ թերեւս նախատեսելով նման հակազդեցութիւն, նաեւ անախորժ ճակատումներէ խուսափելու համար, առնուազն՝ ուղղակի միջամտութիւններէ հեռու մնացած կը թուի ըլլալ Հայաստանի իշխանութիւնը:

Բայց մենք առկայ վիճակէն գոհ ըլլալու պատճառ չունինք: Ահաւոր կարողականութիւն մսխելու շռայլքը չունեցող ժողովուրդ մը ըլլալով, մենք պարտաւոր ենք լուծում մը գտնել, պարտաւոր ենք մեր սփիւռքեան կազմակերպուածութիւնը բարձրացնել պետական մակարդակի՝ մեր ազգային կառոյցներու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու գործելակերպը, մօտեցումներն ու ղեկավարումը հասցնելով կատարելութեան:

Նման պարտաւորութեան գիտակցութիւնը շօշափելի չէ մեր համայնքային առօրեային մէջ, ուր աւելի շատ կը տիրապետեն ինքնագոհ կրաւորականութիւնը, սիրողական աշխատանքի արդարացումը զէնք դարձուցած փնթիութիւնը, անհետեւողականութիւնը, թափթփածութիւնը, տեսիլքի պակասը եւ՝ մասամբ նորին: Հասկնալի է, որ այս հոգեվիճակով կարելի չէ ձգտիլ կազմակերպուածութեան բարձունքներու նուաճումին, այլ ամէն ինչ պատահականութեան թողնելով՝ տեղքայլի կամ, աւելի ճիշդ, նահանջի երգեր յօրինելով ու լաց ու կոծով լեցնել մեր օրերը:

Տարբերակ չունի՛նք: Եթէ կը տագնապինք մեր հայրենիքին վիճակով, եթէ Արցախն ու Հայաստանը նուիրական են մեզի համար, ապա պէտք է Սփիւռքը պետական չափանիշներով, պետական մտածողութեամբ կազմակերպելու մարտահրաւէրը դիմագրաւենք: Ուրեմն՝ պէտք է սկսինք ինքնաքննարկումով ու ահագին պրկումներով նոր գործելակերպեր որոնելու ստեղծագործ աշխատանք տանելու։

Այլապէս՝ պէտք է կասկածիլ մեր հայրենասիրութեան վրայ:

Աբօ ՊՕՂԻԿԵԱՆ

«Ասպարեզ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031