Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի տեղապահի ընտրութիւնները պիտի իրականացուին Մարտ 15-ին: Ընտրութիւններուն արդիւնքները պիտի յայտարարուին նոյն օրը: Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս» թերթը:
Տեղապահի ընտրութիւններուն համար ներկայացուած է երեք հոգեւորականի թեկնածութիւնը՝ Գերմանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեան, Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեան:
Ընտրութիւններուն ժամանակ քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի դռնփակ կարգով` պատրիարքարանի 30 հոգեւորականու կողմէն: Պոլսոյ պատրիարքի տեղապահ պիտի ընտրուի այն թեկնածուն, որ կը ստանայ առաւելագոյն ձայները:
Ընտրուած տեղապահը պիտի ղեկավարէ նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլայ պատրիարքարանի փաստացի ղեկավարը՝ մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:
Տեղապահի ընտրութենէն ետք՝ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան պիտի ձգէ փոխանորդի իր պաշտօնը:
Ընտրական գործընթացներուն մասնակցելու նպատակով՝ Գարեգին արքեպիսկոպոս Պէքչեան՝ այսօր երեկոյեան կը հասնի Սթամպուլ: