ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա», «Ակօս».– Մարտ 8ին՝ Կանանց միջազգային օրուան առիթով,Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կայացան ելոյթներ, որոնք ընդհանրապէս ուղղուած էինԹուրքիոյ մէջ կիներու դէմ շարունակուող բռնարարքներուն եւ ճնշումներուն։
Այս կապակցութեամբ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Սելինա Տողան, որ տպաւորիչ կերպով յիշեցուց կանանց իրաւունքներուն համար պայքարած հայուհիները եւ այսօր հանրութեան կողմէ անտեսուող անոնց տարած աշխատանքը։ Տողան ըսաւ, որ անշուշտ արդար հպարտութեամբ կը յիշուի Հալիտէ Էտիպը, բայց անգոյ կը նկատուի Զապէլ Եսայեան մը, որուն հետ կը թղթակցէր նոյն Հալիտէ Էտիպը։ Նաեւ, «Յարգանքով կը յիշուի Սապիհա Սերթելը, բայց կը մոռցուի Էլպիս Կեսարացեանը։ Բոլորս ալ կը յարգենք Նեզիհէ Մուհիտտինը, բայց կը մոռցուի Հայկանոյշ Մարքը, որ 14 տարի, հայ կիներու անունով պարբերաթերթ հրատարակեց», ըսաւ Տողան, ներկաներուն ցոյց տալով կանանց իրաւունքներուն համար պայքարած հայուհիներու մասին հրատարակուած գիրքը, որ կը կոչուի «Արդարութեան Ճիչ Մը» («Պիր Ատալեթ Ֆերիատը»)։
Տողան յիշեց նաեւ Սրբուհի Տիւսափի, Զապէլ Ասատուրի ու այլ հայուհիներու բերած նպաստները։ Ան նաեւ անդրադարձաւ Թուրքիոյ կանանց դէմ գործուած բռնութիւններուն ու ըսաւ, թէ բոլոր այս կէտերը նկատի առնելով՝ «ո՛չ» պէտէ է ըսել Ապրիլ 16ի հանրաքուէին։
Asbarez.com