Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «Ակօս»-ի խմբագիր Եդուարդ Տանձիկեանը, խօսելով Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դատական վերջին քաշքշուկներուն մասին, նշած է, որ երկրի իշխանութիւններն ու դատական համակարգը Փայլանի հանդէպ իրենց կողմնակալ վերաբերմունքով փաստացի ցոյց կու տան իրենց դիրքորոշումը հայերուն ու Հայկական հարցին հանդէպ:
Յիշեցնենք, որ Փայլանին վիրաւորած թուրք լրագրողին դէմ բողոքը մերժուած է Անգարայի հանրապետական դատախազութեան կողմէ: Հայ պատգամաւորին «անցեղ» անուանած A Haber լրատուական գործակալութեան լրագրող Օզլեմ Օզջանի նկատմամբ դատական հետապնդում սկսելու անհրաժեշտութիւն դատախազութիւնը չի տեսեր:
Նշենք, որ Փայլանի` Յունուար 13-ի աղմկայարոյց խորհրդարանական ելոյթէն ետք, որուն ժամանակ ան օգտագործած էր ցեղասպանութիւն եզրոյթը, Օզլեմ Օզջանը Twitter-ի իր էջին մէջ գրած էր. «Եթէ մեր պապերը ձեզի ցեղասպանութեան ենթարկած են` քեզ նման ցեղը կտրուածը («անցեղը») խորհրդարանին մէջ ի՞նչ գործ ունի»:
Դատախազ Մեհմեդ Թաշթանը նշած էր, որ քաղաքական գործիչները ի դէմս Փայլանի պէտք է ճկունութիւն ցուցաբերեն իրենց հանդէպ հնչող քննադատութիւններուն հարցով։
Կարդացեք նաև
«Հայցուորը (Փայլանը – Tert.am) պէտք է ենթադրէր, որ իր այդ խօսքերը կոշտ քննադատութեան կ՛արժանանային այն հասարակութեան մէջ, որ կը հաւատայ, որ 1860-1920-ականներուն թուրք ժողովուրդը վերապրած է հայ աւազակներու ապստամբութիւնները, դաւաճանութիւնն ու վայրագութիւնները եւ կը համարեն իրենց պատմական այդ ժամանակաշրջանի զոհը», – իր որոշումը մեկնաբանած էր դատախազը:
«Դատախազութեան դիրքորոշումը սա է: Սա, ամենայն հաւանականութեամբ, նաեւ պետութեան դիրքորոշումն է: Այսպիսի դատական դիրքորոշումն ալ բոլորէն լաւ կրնայ ապացուցել, թէ ուր հասած է Թուրքիոյ մէջ հայերու հանդէպ իրենց ունեցած առերեսումն ու հայերուն դէմ թշնամական բառապաշարի կիրառումը», – «Թերթ․ամ»-ի փոխանձմամբ՝ գրած է Տանձիկեան:
Ան վերյիշած է Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելիի ելոյթներէն մէկը, ուր ան հայերը անուանած էր «թուրի տակի մնացորդներ»:
«Այն, որ այդ արտայայտութիւնը ոչ մէկ հակազդեցութեան չարժանացաւ Թուրքիոյ քաղաքական հարթակներու վրայ եւ ընդունուեցաւ որպէս բնական երեւոյթ, կ՛ապացուցէ, թէ ինչպէս Թուրքիոյ պետութիւնը վարուած իր իսկ երկրին մէջ ապրող ժողովուրդներուն հետ», – ընդգծած է Տանձիկեան: