akunq.net. Երեքշաբշի, 21 փետրուար 2017-ին, Սուրիոյ խորհդրարանի գումարած նիստին,որուն ներկայ եղաւ Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարար Աթեֆ Նատտաֆի՝երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան ելոյթ ունենալով նշեց, որ Սուրիոյհամալսարանական բարձրագոյն կրթութեան հանգրուանին «Սուրիոյ պատմութեան»եւ «Օսմանեան կայսրութեան» առարկաները չեն ներառէր պատմական իրողութեանհամապատասխանող դէպքեր, որոնք տեղի ունեցած են սուրիական հողերու վրայ եւմաս կը կազմեն Սուրիոյ պատմութեան, ինչպէս՝ հայերու դէմ իրականացուածցեղասպանութիւնը եւ ասորիներու «Սէյֆո»ն, հետեւաբար դոկտ. Արիսեանպահանջեց, որ պատմական դէպքերու թեման գիտական եւ պատմական ձեւովներառուի այդ ժամանակահատուածին մէջ:
Դոկտ. Արիսեան, նախարարին ուշադրութիւնը հրաւիրեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ստորագրուած գիտական եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառին համագործակցութեան համաձայնագրին, որ տարիներէ ի վեր չէ վերաշխուժացած: Երեսփոխան դոկտ. Նորա Արիսեան, հաստատեց, որ «Պայմանագիրը մեծ առիթ է սուրիացի ուսանողներուն, այնքան ատեն, որ Հայաստանը տարբեր մասնագիտութիւններու 30 բուհական թոշակ կը տրամադրէր»:
Այս մասին կը յայտնէ Perio news:
https://horizonweekly.ca/news/details/99025