Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նախագահ Ապպաս ընդունեց ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը. «Ազդակ»

Փետրվար 25,2017 23:33

www.arfd.info. ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսուն վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում մը ունեցան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` ընդառաջելով նախագահի հրաւէրին: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ապպասի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներ:

Հանդիպումի ընթացքին նախագահ Ապպաս անդրադարձաւ հայ եւ պաղեստինցի ժողովուրդներու պայքարի նոյնութեան, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան դատին նկատմամբ հայ ժողովուրդին ու յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան ցուցաբերած զօրակցութեան:

Խօսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանային ու միջազգային իրադարձութիւններուն եւ անոնց ազդեցութեան` պաղեստինեան դատին վրայ:
Յատուկ քննարկումի նիւթ դարձաւ Երուսաղէմի հայութեան եւ հայապատկան կալուածներուն հետ առնչուող հարցերը, որոնց գծով նախագահ Ապպաս յիշեցուց, որ նոյնինքն Եասէր Արաֆաթ հայութեան հետ կապուած խնդիրներուն նկատմամբ անզիջող կեցուածք ցուցաբերած է ընդհանրապէս եւ պաղեստինեւիսրայէլեան բանակցութեանց ընթացքին մասնաւորապէս:

Հանդիպումի աւարտին, պաղեստինեան պատկերասփիւռի կայաններուն հարցումներուն պատասխանելով, երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅ Դաշնակցութեան համար բռնագրաւողին դիմադրելը սրբազան դատ է եւ թէ՛ պաղեստինցի եւ թէ՛ հայ ժողովուրդները ունին իրաւազրկուածի նոյն վիճակն ու պայքարելու նոյն հաստատակամութիւնը` յիշելով, որ Պաղեստինի հայութիւնը անքակտելի մէկ բաժինն է պաղեստինցի ժողովուրդին ու անոր պայքարին:

«ԱԶԴԱԿ»

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728